Մատակասկարի նախագահ Ռախոլինա, 26 ապրիլին հանդիպում ունեցաւ ֆրանչիսկոս Քահանայապետի
ու անոր անմիջական գործակիցներուն հետ։ Սրբազան Քահանայապետը նախագահին նուիրեց Ս.
Աթոռի ոսկիէ մետալները իսկ անոր կողակիցին` աւանդական վարդարանը։ Վատիկանի հրապարակած
տեղեկագիրին մէջ կը կարդանք որ Ռախոլինա նախագահը եւ վատիկանեան իշխանութիւնները վերակոչեցին
Մատակասկարի ջանքերը հանրավարութեան հաստատումին, երկրին բարգաւաճումին ու միջազգային
կապերու զարգացումին ի խնդիր։ Տեղեկագիրը կ'ողջունէ նաեւ տեղական եկեղեցւոյ բերած նպաստը
ազգային երկխօսութեան ու համերաշխութեան ի սպաս։