2013-04-27 11:39:13

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Շաբաթ Օրուայ Գործունէութիւնը։


Ֆրանչիսկոս Սրբազան Հայրը այսօր` շաբաթ 27 ապրիլ 2013-ի առաւօտեան, իր գրասենեակի մէջ յաջորդաբար ընդունեց`եպիսկոպոսներու Ժողովի կառավարիչը Կարտինալ Մարք Ուելլէն եւ Իտալիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահ եւ Ճէնովայի Արքեպիսկոպոսը Կարտինալ Անճէլօ Պանիասքօ։
Իսկ երէկ Սրբազան Հայրը շնորհաւորական գիր մը ուղղեց Թանզանիայի Նախագահին, Թանզանիայի միութեան օրուան առթիւ որուն մէջ շնորհաւորեց Թանզանիայի ժողովուրդը այս ուրախ առիթով անոնց մաղթելով որ կարենան ապրիլ ուրախութեան եւ խաղաղութեան մէջ։
Յայտնենք որ Նորին Սրբութիւնը վաղը` կիրակի 28 ապրիլին, դրոշմի խորհուրդը կը մատակարարէ, աշխարհի զանազան երկիրներէն եկած, 11-55 տարեկան, 44 հաւատացեալներուն։ Արդարեւ 27 եւ 28 ապրիլին. հաւատոյ տարուայ առթիւ, կը նշուի Դրոշմի խորհուրդի օրը։








All the contents on this site are copyrighted ©.