Լիբանանահայ երիտասարդ եւ երաժշտական արտադրիչ ու յօրինող Սէրուժ Պաղտասարեան ուրբաթ,
26 ապրիլի երեկոյեան «Սիթի մոլ»-ի «Վըրճըն մեկասթոր»-ին մէջ ստորագրեց իր երրորդ ձայնասկաւառակը,
որ կը կրէ «Պահապան հրեշտակ» խորագիրը: Երաժշտասէրներու ներկայութեամբ ան մակագրեց իր
ձայնասկաւառակները, ընդունեց շնորհաւորութիւններ եւ մամուլի ներկայացուցիչներուն հետ
զրուցելով անդրադարձաւ իր նոր ձայնասկաւառակին: Ձայնասկաւառակը բաղկացած է 14 երգերէ
եւ երաժշտութիւններէ, որոնց մէկ մասին երաժշտութիւնը կը պատկանի Սէրուժ Պաղտասարեանին,
իսկ միւս մասը հին հայկական երաժշտական կտորներ են, որոնք վերամշակուած եւ վերագործիքաւորուած
են անոր կողմէ: Ձայնասկաւառակին մէջ իրենց մասնակցութիւնը բերած են Իվոն Այվազեանը, Շաքէ
եւ Նայիրա Պաղտասարեանները, որոնք երգեր մեկնաբանած են, կը մասնակցին նաեւ՝ նուագողներ.
Յորդանանէն` Զէյ Տիրանի, Լիբանանէն՝ Ռաէտ Ապու Քամալ, որ նայ կը նուագէ (նայը արաբական
գործիք մըն է որ կը նմանի շուիին) նաեւ Մազեն Ապու Սալհա` ուտ նուագող, ինչպէս նաեւ
Հայաստանէն նուագողներ ու երգիչներ, որոնցմէ է Լեւոն Թաւանեանը: Սէրուժ Պաղտասարեանին
համար շատ կարեւոր եւ հիմնական է, որ հայկականը միշտ տիրական ըլլայ իր երաժշտութիւններուն
եւ երգերուն մէջ, ան նախանձախնդիր է, որ հինը արդիականացնելով հայկական արժէքները մատչելի
դարձնէ նոր սերունդներուն: Մէկ խօսքով` երիտասարդ երաժիշտը երիտասարդութեան ակնկալութիւններուն
լաւատեղեակ ըլլալով` կը փորձէ հինին եւ նորին միջեւ կամուրջ մը ստեղծել, որպէսզի անոնց
միջեւ բախումին պատճառով արժէքները չկորսուին եւ անոնց պահպանումը շարունակուի: Յատկանշական
է ձայնասկաւառակին կողքը, ուր քանի մը տարբեր պատկերներ եւ պատգամներ կը միանան իրարու:
Կայ Երեւանը` մեր գեղեցիկ մայրաքաղաքը, Արարատը` մեր պապենական հողերուն խորհրդանիշ վեհութիւնը,
հրեշտակը` քրիստոնէութիւնը իբրեւ պետական կրօն ընդունած հայութեան խորհրդանիշը, որուն
ականջին դրուած են լսողական գործիքներ (հետֆոն), որպէսզի անիկա կարենայ ունկնդրել Ս.
Պաղտասարեանի երաժշտութիւնը: Ձայնասկաւառակը կարեւոր է իբրեւ ստեղծագործութիւններու ամփոփում
եւ արխիւ, որուն ընդմէջէն հեղինակին գործերը մատչելի կը դառնան երաժշտասէր հանրութեան`
Լիբանանի մէջ թէ անկէ դուրս: Ձայնասկաւառակի հովանաւորն է ԳՈՀԱՐ-ը: «Eternity» եւ «GenoTrancide»
ձայնասկաւառակներէն ետք «Պահապան հրեշտակ»¬ը կու գայ հարստացնելու երիտասարդ երաժիշտին
արուեստի կենսագրութիւնը։