Հաւատոյ Տարուայ Առթիւ Նոր Աւետարանութեան Քահանայապետական Խորհուրդը կը նշէ ''Կեանքի
Աւետարանի'' Օր Մը ։
''Հաւատալով Կեանք Կ՛ունենաք''
Յառաջիկայ 15 եւ 16 Յունիսին Վերաւետարանութեան
քահանայապետական խորհուրդի նախաձեռնութեամբ տեղի կ՛ունենայ ''կեանքի աւետարանի'' նուիրուած
միջազգային օր մը որուն խորագիրն է ''հաւատալով կեանք կ՛ունենաք''։ Հանդիպումը տեղի
պիտի ունենայ Հռոմի մէջ 15 եւ 16 յունիսին հաւատացեալներուն կարելիութիւն տալով Սրբազան
Հօր հետ միասին հաւաքուելու, ու միասնաբար վկայելու` կեանքի նուիրական արժէքի մասին.
տարեցներու կեանքը, մահամերձներու կեանքը, ծնանելիք մանուկներու կեանքը ու բոլոր անոնք
որոնք ֆիզիքական եւ մտային տառապանքներ ունին ու կ՝ապրին դժուարութեան մէջ։
Մեր
յոյսն է - յայտարարած է գերապայծառ ֆիզիքելլան - Նոր աւետարանութեան խորհուրդի նախագահը,
որ Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ համախմբուած հաւատացեալներու բազմութիւնը աշխարհին ցոյց
տայ Յիսուսի փրկարար առաքելութեան իմաստը ''Ես եկայ որպէսզի մարդիկ կեանք ունենան` եւ
առատութեամբ ունենան''։ (Յովհ 10-10)