2013-04-27 11:10:38

Իրան «5+1»-ի Հետ Բանակցութիւնները Վերսկսելու Պատրաստակամութիւն Կը Յայտնէ


«Առ.Պի.Սի.ռու» կայքէջը կը գրէ, որ Իրան պատրաստակամութիւն յայտնած է իր հիւլէական ծրագիրին շուրջ «5+1»-ի հետ բանակցութիւնները շարունակելու եւ աւելցուցած, որ բանակցութիւններու թուականի վայրին եւ ժամանակին մասին Եւրոպական Միութեան առաջարկներուն կը սպասէ:
Իրանեան պատուիրակութեան փոխղեկավար Ալի Պակերի երէկ յայտարարած է, որ երբ Եւրոպական Միութիւնը իրանեան կողմը տեղեակ պահէ յարակից մանրամասնութիւններուն մասին, բանակցութիւնները կրնան սկսիլ:
Ան «Ռոյթըրզ»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին նշած է, որ Իրանի ազգային անվտանգութեան բարձրագոյն խորհուրդի քարտուղար Սայիտ Ճալիլի եւրոպական դիւանագիտութեան ղեկավար Քեթրին Էշթընէն հեռաձայնային հաղորդակցութեան կը սպասէ: Պակերի անգամ մը եւս հաւաստիացուցած է, որ Իրանի հիւլէական ծրագիրը բացառապէս խաղաղ բնոյթ կը կրէ:
Նշենք, որ Ալմաթիի մէջ «5+1»-ի եւ Իրանի միջեւ բանակցութիւններու նախորդ փուլը արդիւնքի չէր հասած. կողմերը չէին կրցած համաձայնութիւն գոյացնել:








All the contents on this site are copyrighted ©.