2013-04-27 11:09:36

«Սուրիոյ Մէջ Քիմիական Զէնքերու Օգտագործման Շուրջ Սպիտակ Տան Գնահատականը Լուրջի Կ՛առնենք» Կ՛ըսէ Քի Մուն


ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն Սուրիոյ կառավարութեան վերստին կոչ ուղղեց` ՄԱԿ-ի խմբակին արտօնելու Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքերու օգտագործման վերաբերեալ ամբաստանութիւններուն շուրջ հետաքննութիւն կատարելու:
Քի Մունի բանբեր Մարթին Նիսիրքի յայտնեց, որ այդ խմբակը պատրաստ է 24-էն 48 ժամուան ընթացքին Սուրիոյ մէջ տեղակայուելու, անմիջապէս որ Դամասկոսէն կանաչ լոյս ստանայ: Ան ընդգծեց, որ «Քի Մուն այս հարցով Քոնկրեսին ուղարկած Սպիտակ տան գնահատումը լուրջի կ՛առնէ», սակայն աւելցուց, որ ՄԱԿ-ը չի կրնար մեկնաբանել այն տեղեկութիւնները, որոնց աղբիւրը ազգային գաղտնի սպասարկութիւններն են` նշելով, որ «ՄԱԿ-էն պաշտօնատարներ այս հարցով վերջին զարգացումներուն վերաբերեալ կապի մէջ էին ամերիկեան իշխանութեանց հետ»:
Տումայի մէջ արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի նախագահ Միխայիլ Մարկիլով յայտնեց, որ «սուրիական իշխանութեանց դէմ ուղղուած Ուաշինկթընի ամբաստանութիւնները կրնան պատերազմի սկսելու պատճառ ըլլալ»:
Իսրայէլի արտաքին գործոց փոխնախարար Զայիֆ Ալքին երէկ յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներ պէտք է «սուրիական քիմիական զէնքերու պահեստներու վերահսկողութիւնը վերահաստատելու» համար զինուորական քայլի դիմեն: Ան նշեց, որ «յստակ է, որ եթէ Միացեալ Նահանգներ եւ միջազգային ընտանիքը կամք ունին, ապա կրնան սուրիական քիմիական զէնքերու պահեստներուն վրայ վերահսկողութիւն հաստատել… ինչ որ բոլոր մտավախութեանց վերջ պիտի տայ»:
Սակայն Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ հակառակ ամերիկեան գաղտնի սպասարկութեանց` Դամասկոսի կողմէ քիմիական զէնքերու օգտագործման շուրջ ունեցած տեղեկութեանց, անոնք Սուրիոյ մէջ զինուորական միջամտութեան եզրին չեն գտնուիր:
Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոն իր կարգին բացառեց իր երկրին Սուրիոյ մէջ ուղղակի միջամտութեան կարելիութիւնը: Ան «Պի.Պի.Սի.»-ին յայտնեց, որ «սուրիական ընդդիմութեան զինումն ու յաւելեալ պատժամիջոցներու հաստատումը սուրիական վարչակարգը տապալելու եւ Սուրիոյ դիմագրաւած վտանգաւոր տագնապին վերջ դնելու յարմար ընտրանքները պիտի ըլլան»:
Քամերոն յայտնեց, որ սուրիական բանակին կողմէ քիմիական զէնքի օգտագործման շուրջ փաստերը կը քննէ` նշելով, որ «միջազգային ուժերը չեն ուզեր նախկին տագնապներու պարագային տեղի ունեցածին նման որեւէ որոշում որդեգրել»:
Բրիտանիոյ վարչապետը նշեց, որ ինք համաձայն է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի այն տեսակէտին, թէ քիմիական զէնքի օգտագործումը կարմիր գիծ մըն է, որուն շուրջ կարելի չէ լուռ մնալ:
Սուրիոյ տեղեկատուութեան նախարար Օմրան Զողպի «Ռաշա Թուտէյ» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ նոյնիսկ եթէ սուրիական կառավարութիւնը քիմիական զէնքեր ունենայ, անոնց չի կրնար դիմել եւ զանոնք չի կրնար օգտագործել: «Քիմիական զէնքերու օգտագործման շուրջ որոշումը միայն քաղաքական որոշում չէ… այլ` բարոյական, իսլամական օրէնքի եւ իսլամական ու քրիստոնէական որոշում մը»:
Ան շեշտեց, որ սուրիական կառավարութիւնը «այդ մէկը բացարձակապէս պիտի չկատարէ, եւ ասիկա պատասխանատու խօսք է եւ ոչ թէ քարոզչական»` աւելցնելով, որ «ուրիշներ իրապէս փորձեցին այդ մէկը օգտագործել, այդ մէկը մասնաւորաբար յստակ էր Հալէպի Խան Ասալ շրջանին մէջ»:
Աւելի ուշ, ան Մոսկուայի մէջ լրագրողներուն յայտնեց, որ ընդդիմադիր ուժերու կողմէ օգտագործուած քիմիական զէնքերը «ամենայն հաւանականութեամբ Թուրքիայէն եկած են»:
Մինչ այդ, յորդանանցի ցուցարարներ երէկ Միացեալ Նահանգներու դրօշը այրեցին` մերժելով ամերիկացի զինուորներու Յորդանանի մէջ գտնուիլը:








All the contents on this site are copyrighted ©.