2013-04-26 12:09:40

Հայր Գէորգ Ծ.Վրդ. Զապարեանի Խօսած Քարոզը Սուրբ Գրիգոր Լուասաւորիչ Հայաստանեայց Առաքելական Աթոռանիստ Եկեղեցիին Մէջ


Հայր Գէորգ Ծ.Վրդ. Զապարեանի խօսած քարոզը Սուրբ Գրիգոր Լուասաւորիչ Հայաստանեայց Առաքելական աթոռանիստ եկեղեցիին մէջ, միջյարանուանական ձեռնարկին ծիրէն ներս մատուցուած Սուրբ Պատարագի ընթացքին (24 Ապրիլ 2013)
Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր
Մեր Տիրոջ Յիսուսի Քրիստոսի Յարութեան «Յինանց» ժամանակաշրջանին մէջ տակաւին կ'ապրինք այսօր:
Առ այդ սրտի բերկրութեամբ իրարու փոխանցենք զատկական սա աւանդական ոոջոյնը «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց, օրհնեալ է յարութիւնն Քրիստոսի»:
Յարութիւնը յաղթանակ է:
Յաղթանակը Աստուծոյ՝ սատանային վրայ:
Յաղթանակը Լոյսին՝ խաւարին վրայ:
Յաղթանակը Շնորհքին՝ մեղքին վրայ:
Յաղթանակը Ուրախութեան՝ սուգին վրայ:
Յաղթանակը Բարութեան՝ չարութեան վրայ:
Յաղթանակը Հաւատքին՝ թերահաւատութեան վրայ:
Յաղթանակը Սիրոյ՝ ատելութեան վրայ:
Յաղթանակը Հաշտութեան՝ թշնամութեան վրայ:
Յաղթանակը Ներումին՝ ոխակալութեան վրայ:
Յաղթանակը Արդարութեան՝ անիրաւութեան վրայ:
Յաղթանակը ճշմարտութեան՝ կեղծիքին վրայ:
Եւ մանաւանդ Յաղթանակը Կեանքին՝ մահուան վրայ, զի հաստատապէս կը հաւատանք թէ՝ Յարուցեալ Քրիստոս «մահուամբ զմահ կոխեաց, եւ յարութեամբն իւրով, մեզ կեանս պարգեւեաց»:
Այնուհետեւ, Քրիստոսի Յարութիւնը գրաւական դարձաւ հաւատացեալներու յարութեան եւ նովին գործով, երաշխիքը յարութեան Հայոց Ցեղասպանութեան մէկ ու կէս միլիոն զոհերու որոնց նահատակութեան 98րդ տարեդարձը կը յիշատակենք այսօր:
Ո՜վ Պանծալի Նահատակներ,
Քահանայք եւ ժողովուրդք հաւաքուած ենք այսօր
Ձեր յիշատակը Սուրբ Պատարագով նշելու,
Ձեր զոհաբերումը Քրիստոսի զոհաբերումին խառնելու,
Ձեր կոթողացած նահատակութիւնն օրհնելու,
Ձեր սրբաբոյր գերեզմանները մոմերով լուսաւորելու,
Ձեր խիզախութիւնը անուշահոտ խունկով փառաւորելու,
Ձեր մարտիրոսութիւնը ծաղկեփունջերով պատուելու:
Իսկ նկատի առած որ երկու տարի մնացեր է նշելու յիշատակութիւնը այն հսկայական ողբերգության, որ մեզմէ խլեց ոչ միայն մեկուկես միլիոն մարդկային կեանքեր այլ նաեւ 3000-ամեայ մեր հայրենիքը ինչպէս նաեւ կորուստի մատնեց ձուլուած կամ արմատներէն հեռացած հայերու քանի մը սերունդներ, դիմենք մեր Ապրիլեան Սուրբ Նահատակներուն որպէսզի մեզի օգնեն իրենց նահատակութեան մօտալուտ 100-ամեակին շնորհիւ համապատասխան ծաւալներով՝
Մէկ սիրտ մէկ հոգի ըլլալու
Սերտօրէն միանալու,
Իրարու զօրակցելու,
Լաւագոյնս կազմակերպուելու,
Մէկ ճակատ կազմելու,
Մէկ ձայնով բողոքելու,
Արար աշխարհը շահագրգռելու,
Բեմերէն իրենց հերոսութենէն ճառելու,
Ամէն տեղ կոթողներ բարձրացնելու
Իրեց դիւցազնութիւնը երիտասարդներուն աւանդելու,
Եւ մեր պահանջատիրութեան մէջ անդրդուելի մնալու:
Ո՜վ Ապրիլեան Սուրբ Նահատակներ,
Կ'ուզենք ձեզի հարազատ զաւակներ ըլլալ,
Ձեր սխրագործութիւնը յաւերժացնել,
Ձեէ անշիրիմ ոսկորները պատուել,
Ձեր աճիւններուն վրայ մատուռներ կառուցել,
Ձեր մասունքներով սրբավայրեր շինել,
Ձեր քաջագործութիւններով մատենադարանները ճոխացնել,
Ձեր արեան հեղումով կենսաւորուիլ,
Ազգին սիրով տոգորուիլ,
Հայաստանը Արցախով ամբողջացնել,
Հայրենիքը շէնցնել,
Հայ սփիւռքը զօրացնել,
Աստուծոյ եւ մերձաւորին սիրով ապրիլ,
Բոլորին հետ մարդասիրաբար վարուիլ,
Անբասիր կեանք վարել,
Հաւատքով զինուիլ,
Յոյսով զսպանակուիլ,
Սէր ու միութիւն քարոզել,
Խաղաղ աշխարհ մը կերտել:
Օգնեցէ'ք մեզի՝
Ձեր յիշատակներով մխիթարուելու,
Ձեր բարեխօսութեամբ սրբանալու,
Երկինքի արքայութեան արժանանալու,
Եւ ձեզի պսակակից դառնալու:
Սիրելի եղբայներ եւ քոյրեր,
Մարտիրոսներուն նուիրուած հայ շարականներով Յարուցեալ Քրիստոսի աղօթենք կրկնելով «Վասն սրբոց քոց մարտիրոսաց, Տէր ընկա'լ զաղաչանս մեր»:
«Անոնք պատերազմի մէջ զօրացան, արիաբար թշնամիին դէմ մարտնչեցան, եւ իրենց պատուական սուրբ արիւնը թափեցին քու անունիդ համար: Անոնց բարեխօսութեամբ փրկէ' մեզ»:
«Անոնք քեզի խաչակից ըլլալով, յօժարութեամբ յանձն առին դժնդակ տանջանքը: Անոնց հետ կ'օրհնենք քեզ, Քրիստոս»:
«Անոնք քեզի համար մեռան եւ կենդանացան եւ թագաւորելով կը վայելեն քու փառքդ: Անոնց հետ կենսագործէ' մեզ, ո՜վ Աստուած Հարցն մերոց»:
Ամէն:








All the contents on this site are copyrighted ©.