2013-04-26 13:52:53

Զուիցերացի Նոր Պահակներու Հաւատարմութեան Երդման Արարողութիւնը Վատիկանի Մէջ. Մայիս 6-ին։


Քահանայապետական 35 նոր զօրակոչեր հաւատարմութեան իրենց երդումը պիտի կատարեն Վատիկանի առաքելական պալատի Սան Տամազօ կոչուած բակին մէջ ներկայութեամբ՝ գերապայծառ Բեչուի` տեղապահը պետական քարտուղարութեան։ Երդման արարողութեան ներկայ պիտի գտնուի Դաշնակցային Զուիցերիոյ նախագահը տիար` Մոէրի։ 35 նոր զուիցերացի պահակներու 28-ն՝ գերմաներէն լեզւով երդման կարգը պիտի կատարեն, 6-ը` ֆրանսերէնով իսկ մէկը` իտալերէնով։








All the contents on this site are copyrighted ©.