2013-04-26 14:01:50

Եղբայրակցութիւններու Համահաւաք ՜՜Ս. Պետրոս՝՝ Հրապարակը


Ս. Պետրոս հրապարակի վրայ , Մայիս 3-5, երկրորդ կարեւոր հանդիպում մը տեղի կ'ունենայ։ Կը սպասուին զանազան եղբայրութիւններու աւելի քան 50 հազար անդամներու մասնակցութիւնը, Իտալիայէն, Սպանիայէն, ֆրանսայէն, Լեհաստանէն, Իրլանտայէն եւ Մալթայէն։ Ուխտաւորները այցելութիւն կը կատարեն Ս. Պետրոսի դամբանին, Հռոմի զանազան եկեղեցիներու մէջ ներկայ կը գտնուին ս. Զոհին իսկ 5 մայիսին ս. Պետրոս հրապարակի վրայ ներկայ կը գտնուին ֆրանչիսկոս Քահանայապետին իրենց դիտաւորութեամբ մատուցած պատարագին։
Յունիս 2-ին` Յիսուսի Մարմնոյ եւ Արեան տօնին օրը, նախատեսուած է համաշխարհային ս. Հաղորդութեան երկիրպագութիւն։
Աւետարանութեան քահանայապետական խորհուրդը աշխարհի եպիսկոպոսներէն խնդրած է որ բաց պահեն մայր եկեղեցիները, որպէսզի կարելիութիւն տրուի հաւատացեալներուն ս. Հաղորդութեան երկրպագութիւն կատարելու։









All the contents on this site are copyrighted ©.