2013-04-25 16:48:19

Րիօ Տէ Ժանէյրոյի 2013-ի Երիտասարդութեան Համաշխարհային Օրուան Առթիւ ''Եու Քադի'' 1 Միլիոն Օրինակ Պիտի Տպագրուին


Յառաջիկայ 23 - 28 յուլիս Րիո Տէ Ժանէյրօյի մէջ նշուելիք երիտասարդութեան համաշխարհային 28րդ օրուան առթիւ նախատեսուած են աւելի քան 2 միլիոն ուխտաւորներ։ Այս առթիւ Պրազիլի թեմերուն եւ կաթողիկէ շարժումներուն պիտի բաժնուին ''Եուքաթի'' այսինքն` Կաթողիկէ եկեղեցւոյ երիտասարդներու յատկացուած քրիստոնէականի, 1 միլիոն կրկրնօրինակներ։ Նախաձեռնութիւնը կարելի եղած է իրագործել ''տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն'' կաթողիկէ միջազգային բարեսիրական մարմնի օժանդակութեամբ։
Վերոյիշեալ գրքոյկը շատ մը երիտասարդներուն օգտակար դարձած է` մօտենալու հաւատքին ու խորացնելու իրենց գիտութիւնը։ Յայտնենք որ Պրազիլի 190 միլիոն բնակչութեան 70 տոկոսը կաթողիկէ են եւ մեծամասնութեամբ երիտասարդներ։
Եուքաթի սերտումը յանձնուած էր Կարտինալ Քրիստոֆ Շոնպորնի, որ 50 երիտասարդներու օգնութեամբ շարադրեցին, երիտասարդներու դիւրիմաց լեզուով, 300 էջնոց դեղին գրքոյկը որ կը պարունակէ հաւատքի մասին ''հարցում- պատասխաններ։'' Գրքոյկը առաջին անգամ լոյս տեսած էր 2011-ին, Մատրիտի մէջ տեղի ունեցած երիտասարդներու համաշխարհային օրուան առթիւ` անգլերէն, գերմաներէն. ֆրանսերէն, իտալերէն, սպաներէն եւ լեհերէն լեզուներով որ ՃՄՃ-ի (երիտասարդներու համաշխարհային օրուայ) պաշտօնական լեզուներն են։ Անցեալ սեպտեմբեր 2012-ին ''տարապող եկեղեցի օգնութիւն'' կազմակերպութիւնը սատարած էր ''Եուքադի'' հատորի արաբերէն լեզուով հարատարակման, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Հօր Լիբանան կատարած առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին։








All the contents on this site are copyrighted ©.