2013-04-25 16:03:03

Ղպտիներու Օրթոտոքս Պատրիարքը Մայիս Ամսոյն Մէջ Վատիկան Այցելութիւն կը Կատարէ։


Ղպտիներու Աղեքսանտրիոյ ղպտի օրթոտոքս պատրիարքը` գերերջանիկ Թաուատրոս Բ պատրիարքը մայիս 10-11 տեսակցութիւններ պիտի ունենայ ֆրանչիսկոս Քահանայապետին հետ Վատիկանի մէջ, կը հաղորդագրէ Ս. Աթոռի մամլոյ գրասենեակը։
Յայտնենք որ 40 տարի առաջ Շանուտա Գ պատրիարքը 1973-ին հանդիպում ունեցաւ Պօղոս Զ Քահանայապետին հետ, Վատիկանի մէջ, այդ առթիւ միատեղ կարեւոր վաւերաթուղթ մը ստորագրուած է Քրիստոսաբանութեան մասին ու երկկողմանի երկխօսութիւն մը հաստատուած է երկու քոյր եկեղեցիներու միջեւ։ Երանելի Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը փետրուար 2000-ին Եգիպտոս կատարած առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին հանդիպում ունեցած է Շանուտա Գ պատրիարքին հետ։










All the contents on this site are copyrighted ©.