2013-04-24 12:49:29

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Չորեքշաբթի Օրուայ Հրապարակային Ունկնդրութիւն


Չորեքշաբթի 24 ապրիլ 2013-ի առաւօտեան ժամը 10,30-ին ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած բազմահազար ուխտաւորներու եւ հաւատացեալներու ներկայութեամբ։

Անոնց արտասանած իր ճառին մէջ Սրբազան Հայրը շարունակելով ''Հաւատոյ'' դաւանանքի մասին իր խորհրդածութիւնները, խօսքը կեդրոնացուց հետեւեալ հատուածին վրայ ''Գալոց է նովին մարմնովն եւ փառօք Հօր ի դատել զկենդանիս եւ զմեռեալս''։
Մարդկային պատմութիւնը սկիզբ առած է մարդու եւ կնոջ` Աստուծոյ պատկերին համաձայն ստեղծագործութեամբ ու վերջ կը գտնէ Քրիստոսի վերջին դատաստանով։
Յաճախ սակայն կը մոռնանք պատմութեան այս երկու իրողութիւնները ու մանաւանդ Քրիստոսի երկրոդ գալստեան եւ վերջին դատաստանի նկատմամբ հաւատքը քրիստոնեաներուն սրտին մէջ յստակ ու ամրապնդուած չէ - ըսաւ Սրբազան Հայրը - աւելցնելով` ''այսօր կ՛ուզեմ մատնանշել Մատթէոսի աւետարանիչի աւետարանական երեք առակներու մասին. 10 կոյսերու առակը, Քանքարներու առակը եւ վերջին դատաստանի առակը։ Տասը կոյսերու առակը մեզ կը դասաւորէ Յիսուսի առաջին ու վերջին գալստեան միջեւ եղած ժամանակաշրջանին մէջ։ Ողորմածութեամբ եւ համբերութեամբ, Տէրը մեզի կը պարգեւէ այս ժամանակաշրջանը որպէսզի վառուած պահենք մեր հաւատքի, յոյսի եւ սիրոյ լապտերները ու մեր սրտերը բաց պահենք բարիին գեղեցիկին եւ ճշմարտութեան։
Քանքարներու առակը մեզի մտածել կու տայ Աստուծոյ շնորհած պարգեւներուն մասին։ Տիրոջ երկրորդ գալստեան սպասումը ժամանակն է արժէքաւորելու Տիրոջ պարգեւած շնորհքները` վասն Եկեղեցւոյ եւ ուրիշներուն։
Վերջին դատսատանի առակը կը նկարագրէ Տիրոջ երկրորդ գալուստը ուր կ՛ակնարկուի Հովիւին որ ոչխարները կը զատէ այծերէն։ Պիտի դատուինք ուրեմն - յարեց Նորին Սրբութիւնը - Աստուծոյ ու մերձաւորին հանդէպ ունեցած մեր սիրոյն համար։
Սիրելի եղբայրներ ու քոյրեր - ապա եզրափակեց Ան -, վերջին դատաստանի մասին մտածելը մեզ պէտք է խրախուսէ մեր առօրեան լաւապէս ապրելու եւ ամէն օր մանուկներուն եւ աղքատներուն մէջ ճանչնալու զԱստուած եւ աղօթքով ու սիրով գործելու բարին։

Խորհդածութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը յատուկ ողջոյնի խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն։
Աստուած` Բարի Հովիւը ձեզի ամէն մէկուդ ապահովութիւն տայ որպէսզի Անոր ձայնին հետեւելով չի վարանիք, ձեզի ըլլայ նեցուկ` սիրելի հիւանդներ ձեր առօրեայ խաչի ճանապարհի ընթացքին եւ ձեզի, սիրելի նորապսակեալներ, օգնէ ձեր ընտանեկան կեանքը կերտելու` Աստուծոյ սիրոյ վրայ ։








All the contents on this site are copyrighted ©.