2013-04-24 12:30:27

Սուրիահայ Օգնութեան Խաչը Կը Փութայ Արգելափակուած Ընտանիքներու Օգնութեան


Հաւատարիմ իրենց առաքելութեան, Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի Շրջ. վարչութեան ընկերուհիները Հայ Երիտասարդաց Միութեան երիտասարդներու ընկերակցութեամբ նախորդ շաբաթ այցելեցին Հալէպի Շէյխ Թահա շրջանի «Աստուրեան» հիւանդանոցի թաղամասին մէջ զինեալ բախումներու հետեւանքով արգելափակուած հայ եւ տեղացի՝ իսլամ թէ քրիստոնեայ, բոլոր ընտանիքներուն ու ճաշ մատակարարեցին բոլորին:
ՍՕԽի ընկերուհիները ծանօթանալով յիշեալ ընտանիքներու կենցաղային եւ ապահովական դժուարութիւններուն խաղաղութիւն մաղթեցին բոլորին:
ՍՕԽի Շրջ. Վարչութեան Դաստիարակչական Յանձնախումբ








All the contents on this site are copyrighted ©.