Ս. Հռիփսիմեանց Վարժարանի Աշակերտներու Այցելութիւնը Պէյրութի «Ազդակ»ի Խմբագրատուն։
Հայ կաթողիկէ Ս. Հռիփսիմեանց վարժարանի աւարտական դասարանի աշակերտները` ընկերակցութեամբ
վարժարանի երկրորդական դասարաններու տեսուչ Կարպիս Գապասաքալեանի, Երկուշաբթի 22 Ապրիլին,
այցելեցին «Ազդակ»-ի խմբագրատուն: Զանոնք ընդունեց խմբագրական կազմի անդամ Արշօ Պալեան,
որ ծանօթացուց անոնց ամէնօրեայ դրութեամբ կատարուող օրաթերթին աշխատանքներուն, լրագրողներուն
առօրեային, անձնակազմին գործերուն, ինչպէս նաեւ նորաբաց «Ժիրայր Պուտագեան»-ի անուան
մամլոյ ուսումնասիրութեան կեդրոնին: Այս առթիւ ԺԲ. դասարանի աշակերտները ընդունուեցան
«Ազդակ»-ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեանի կողմէ: Ան ընդգծեց երիտասարդութեան
կարեւորութիւնը մերօրեայ կեանքին մէջ եւ շեշտեց, որ «Ազդակ»-ի դռները միշտ բաց են անոնց
համար: Հռիփսիմեանց վարժարանի աշակերտներուն ներկայութիւնը զուգադիպեցաւ Լիբանանի մէջ
Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեանի «Ազդակ»-ի խմբագրատուն կատարած այցելութեան: Դեսպանը
իր կարգին ողջունեց աշակերտները եւ խորհուրդ տուաւ իրենց բարձրագոյն ուսման պարագային
մասնագիտանալու այնպիսի ճիւղերու մէջ, որոնք կը նպաստեն Հայաստանի հայութեան ծառայութեան:
Դեսպան Քոչարեան նաեւ առաջարկեց աշակերտներուն` մտածելու իրենց համալսարանական ուսումը
Հայաստանի մէջ շարունակելու կարելիութեան մասին: Հանդիպումէն ետք աշակերտները իրենց այցելութիւնը
աւարտեցին ծանօթանալով նաեւ «Ազդակ»-ի տպարանին: