2013-04-24 12:32:20

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Գահակալութեան 8րդ Տարեդարձը։


Այսօր 24 ապրիլին կը նշուի Պենետիկտոս վաստակաւոր քահանայապետի գահակալութեան 8րդ տարեդարձը։ Արդարեւ 2005-ի ապրիլ 24-ին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ տեղի կ՛ունենար գահակալութեան արարողութիւնը, բազմահազար հաւատացեալներու եւ կրօնական ու քաղաքական իշխանութիւններու ներկայութեամբ։
Վաստակաւոր Քահանայապետի վերջին 23 տարիներու գլխաւոր մտահոգութիւնը եղած էր, Եւրոպայի աշխարհիկ երեւոյթներուն բազմացումը եւ Եւրոպայի քրիստոնէական սրտին ուղղուած սպառնալիքը։ Ան եւրոպացի ըլլալով, մօտէն կը ճանչնար ճգնաժամային այս երեւոյթը։ Այսօր ոչ միայն կաթողիկէութիւնը, այլ նաեւ քրիստոնէութիւնը պարզապէս կենցաղային երեւոյթ մըն է Եւրոպայի մէջ, որ կը թուի, թէ նիւթապաշտութեան մէջ թաղուած ըլլալով՝ կորսնցուցած է իր քրիստոնէական ոգին։
Այս ուղղութեամբ է որ Պենետիկտոս ԺԶ-ը անցեալ 2012 տարւոյն ընթացքին գումարած էր ''Նոր Աւետարանութեան'' մասին եպիսկոպոսական սիւնհոդոսը եւ 2013-ը հռչակած էր Հաւատոյ Տարի։
Անցեալ փետրուարին իր հրաժարականը ներկայացնելով, կարտինալական իր եղբայրներուն յայտնած էր թէ իր ծերունիի ոյժերը չեն ներէր որ նոյն եռանդով շարունակէ ղեկավարել Եկեղեցին ու արդ իր ձգտումն էր լռելեան ւ աղօթքի կեանքով հետեւիլ եւ օժանդակել Եկեղեցւոյ ուղեւորութեան։
Անցեալ 28 փետրուարէն Ան կը գտնուի Քահանայապետական Գասթել Կանտոլֆոյի ամարանոցը եւ հաւանական է որ մօտ օրէն փոխադրուի Վատիկան։








All the contents on this site are copyrighted ©.