2013-04-24 08:20:00

«Քաղաքական Լուծումը Սուրիական Տագնապի Լաւագոյն Լուծումն Է» Կ՛ըսէ Լաւրով


Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Պրիւքսէլի մէջ ՕԹԱՆ-ի արտաքին գործոց նախարարներու ժողովէն ետք յայտարարեց, որ ժողովին ընթացքին այլ հարցերու կողքին քննարկուած է նաեւ Սուրիոյ հարցը: Ան շեշտեց, որ «քաղաքական երկխօսութիւնը այսպիսի տագնապներու, մասնաւորաբար սուրիական տագնապին լաւագոյն լուծումն է»:
«Սուրիական տագնապը, որ օրէ օր մագլցում կ՛արձանագրէ, սպառնալիք մըն է, զոր բոլորս պիտի դիմակայենք, եթէ այս վիճակին մէջ մնայ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ «Սուրիոյ մէջ կռուող ընդդիմադիր խմբաւորումներու զինումը կը մերժենք»` նշելով, որ «Սուրիական ազատ բանակը Ժապհաթ Նուսրայէն աջակցութիւն կը ստանայ»:
ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Անտերս ֆոկ Ռասմուսեն յայտնեց, որ հակառակ կացութեան վատթարացման, ՕԹԱՆ Սուրիոյ մէջ միջամտելու մտադրութիւն չունի:
Իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթը հաղորդեց, որ իսրայէլեան բանակի գաղտնի սպասարկութեան աւագ վերլուծաբաններէն զօր. Իթայ Պարոն յայտնած է, որ Սուրիոյ կառավարական ուժերը քիմիական զէնքեր օգտագործած են: Ան Թել Աւիւի մէջ ապահովական հարցերու շուրջ խորհրդաժողովի մը ընթացքին յայտնեց, որ վարչակարգի շարք մը պարագաներու օգտագործած նիւթը հաւանաբար «Սարին» կազն էր:
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապիի եւ Քաթարի վարչապետ Ժասեմ պըն Ժապըր Ալ Թանիի հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին կոչ ուղղեց դէպի Սուրիա զէնքի արտածումը դադրեցնելու:
Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարը սուրիական ընդդիմութենէն քարիւղ ներածելու որոշումը թշնամական արարք նկատեց:
Մինչ այդ, Սուրիոյ ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինը Սուրիոյ ազգային խորհուրդի նախագահ Ժորժ Սապրան ժամանակաւորապէս ընտրեց իբրեւ իր նախագահը` փոխարինելու համար Ահմետ Մաազ Խաթիպը, որ կիրակի օր հրաժարած էր:








All the contents on this site are copyrighted ©.