2013-04-23 11:46:32

ֆրանչիսքեան Հայրերու Վանքն Ու Եկեղեցին Կործանուած՝ Տէյր էլ Զօրի Մէջ- Սուրիա։


ֆրանչիսքեան հայրերու վանքն ու եկեղեցին կործանուած են, ռումբի մը պայթումի հետեւանքով ( յայտարարած է հայր Թոնի Հատտատ՝ Միջին Արեւելքի ֆրանչիսքեաններու փոխ պատասխանատուն)։ Ան հաստատած է որ այդ շրջանին մէջ, ամիսներէ ի վեր ոչ մէկ քրիստոնեայ կ'ապրի եւ ֆրանչիսքեան հայրերն ու Կալկաթայի մայր Թերեզայի երկու քոյրերը վնաս չեն կրած։ Յայտնենք որ ֆրանչիսքեան հայրերը 1930էն ի վեր այդ շրջանին մէջ բնակութիւն հաստատած են, սակայն ֆրանչիսքեան միաբանութիւնը հինուց ի վեր գոյութիւն ունեցած է Միջին Արեւելքին մէջ, եւ վերջին չորս դարերուն ֆրանչիսքեան միաբանութիւնը կրած է բազմաթիւ աւերներ ու հալածանք սակայն միշտ Յարութիւն առած է, Քրիստոսի նման։








All the contents on this site are copyrighted ©.