2013-04-23 11:23:43

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Անուան Տօնը։


Երեքշաբթի 23 ապրիլ 2013, Սուրբ Գէորգի Տօնն է եւ ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի անուանակոչութեան տօն։

Այս առթիւ Նորին Սրբութիւնը առաւօտեան ժամը 10-ին Պողոսեան մատրան մէջ նախագահեց Սուրբ պատարագի արարողութիւնը մասնացկցութեամբ՝ Հռոմ գտնուող Կարտինալաներուն։

Սուրբ Զոհին սկիզբը, խօսք առաւ Կարտինալական Դասին աւագերեցը՝ կարտինալ Սոտանոն ու յանուն կարտինալական դասին շնորհաւորութիւններ յայտնեց սրբազան հօր, դրուատելով Սուրբ Գէորգի արժանիքները ու ապա աղօթք բարձրացուց առ Աստուած ըսելով ''Ով Տէր Սուրբ Գէորգի բարեխօսութեամբ նեցուկ կանգնիր մեզի մեր տկարութիւններուն մէջ, ու մեր մէջ ցոլացուր քու զօրութիւնդ։''

Յայտնենք որ 22 ապրիլին նշուեցաւ նաեւ ֆրանչիկոս Պապի Յիսուսեան միաբանութեան անդամակցութեան 40րդ տարեդարձը որ տեղի ունեցած էր 22 ապրիլ 1973-ին։ 22 ապրիլին Յիսուսեան Միաբանութեան համար ուխտադրութեան օր է, որովհետեւ 1542-ի ապրիլ 22-ին Միաբանութեան Հիմնադիրը Ինիացիօ Տի Լոյոլան ու անոր ընկերները իրենց ուխտը կատարած էին երջանկայիշատակ Պօղոս Գ. Պապի ներկայութեամբ, Սուրբ Պօղոսի անուան պազիլիքայի մէջ Տիրամօր պատկերին առջեւ ուր ֆրանչիսկոս պապը կանգ առաւ աղօթելու անցեալ 14 ապրիլին Սուրբ Պօղոսի պազիլիքան կատարած այցելութեան ընթացքին։

Սրբազան Հայրը Սուրբ Պատարագի ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ, նախ շնորհակալութիւն յայտնեց կարտինալներուն ու ապա խորհրդածութիւն մը կատարեց օրուայ սուրբ գրային ընթերցումներու մասին, ուր կը խօսուի առաքեալներու քարոզութեան մասին։
Եկեղեցին - ըսաւ Սրբազան Հայրը - կ՛ընթանայ Խաչի ու Յարութեան ճանապարհի ընդմէջէն, հալածանքի եւ Տիրոջ մխիթարանքի ուղիով։ Այս է ճանապարհը ով որ այս ուղղութեամբ կ՛ընթանայ չի սխալիր։
Նորին Սրբութիւն ապա խօսեցաւ Եկեղեցւոյ ''առաքելութեան մասին'' յայտնելով որ առաջին քրիստոնեաները քաջութիւնը ունեցան քարոզելու Քրիստոսը Յոյներուն, ինչ որ այդ ժամանակին, գայթակղութիւն մըն էր։ Խնդրենք Տիրոջմէ, եզրափակեց Սրբազան Հայրը, որ մեզի ալ պարգեւէ առաքելական եռանդը, որ յառաջ ընթանանք որպէս եղբայրակիցներ։ Յառաջ տանելով Յիսուսի անունը Եկեղեցւոյ մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.