2013-04-23 10:32:12

Հալէպի Մօտ Զինեալներ Առեւանգած Են, Յոյն Ուղղափառ Եւ Ասորի Ուղղափառ Համայնքներուն Առաջնորդները ։


Հալէպի մօտ երէկ զինեալներ առեւանգած են Հալէպի, Ալեքսանտրէթի եւ շրջակայից յոյն ուղղափառ համայնքի առաջնորդ մետրոպոլիտ Պուլոս Եազիժին եւ Հալէպի ասորի ուղղափառ համայնքի առաջնորդ մետրոպոլիտ Եուհաննա Իպրահիմը, (կը հաղորդէ Լիբանանի Ազգային լրատուական գործակալութիւնը) նշելով որ՝ Իպրահիմ եպիսկոպոս Եազիճի եպիսկոպոսին ընկերակցութեամբ իր ինքնաշարժով կը մեկնէր Սուրիա – Թուրքիա սահմանին վրայ գտնուող գիւղէ մը: Երբ ինքնաշարժը կը հասնի Հալէպի մերձակայքը, զինեալ խմբակ մը կը կանգնեցնէ ինքնաշարժը, վար կ՛իջեցնէ եպիսկոպոսները եւ կը սպաննէ ինքնաշարժի վարորդ սարկաւագը: Յայտնենք, որ Պուլոս Եազիժի եպիսկոպոսը յոյն ուղղափառ համայնքի Եուհաննա Ժ. Եազիճի պատրիարքին եղբայրն է:








All the contents on this site are copyrighted ©.