2013-04-22 11:52:36

Վատիկանի Օժանդակութեամբ Նազարէթի Մէջ Ընտանիքի Նուիրուած Կեդրոն։


''Յովհաննէս Պօղոս Բ իղձը կ՛իրականանայ''։

Ընտանիքի Քահանայապետական Խորհուրդը եւ Իտալական ''Սուրբ Հոգիի մէջ վերանորոգում'' շարժումը յայտարարած են թէ մօտ օրէն Նազարէթի մէջ սկիզբ կ՛առնէ ''Ընտանիքի Միջազգային Կեդրոնի'' կառուցումը որ 15 տարիներ առաջ բաղձանքը եղած էր երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ սրբազան Քահանայապետին։
1997-ին, Րիոյ Տէ Ժանէյրօյի մէջ նշուած ''Ընտանիքի Համաշխարհային օրուայ'' առթիւ էր որ երջանկայիշատակտակ Քահանայապետը իղձ յայտնած էր վերոյիշեալ կեդրոնի ստեղծումին ի խնդիր ''սուրբ ընտանիքի'' քաղաքին մէջ, ու սակայն քաղաքական պատճառներու բերումով այս մէկը կարելի չ՛եր եղած իրագործել մինչեւ օրս։
2009ին Սուրբ երկիր կատարած առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին Պենետիկտոս ԺԶ քահանայապետը վերարծարծելով իր նախորդին գաղափարը օրհնեց վերոյիշեալ կեդրոնի ''առաջին քարը''։
Վատիկանեան ''Նազարէթի Ընտանիքներու միջազգային կեդրոն'' հիմնարկը ծնունդ առաւ պաշտօնապէս 18 յունուար 2013-ին։ Թէեւ շիրանարարութեան գործնթացը պիտի տեւէ գրեթէ երկու ու կէս տարի սակայն հաւանական է որ կեդրոնի առաքելութիւնը սկիզբ կ՛առնէ մօտ օրէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.