2013-04-22 11:49:34

Սահելի Բնակչութեան Մէկ Ու Կէս Միլիոն Մանուկները Թիրախ Են Սովի։


''Սովի դէմ պայքար'' ոչ կառավարական միջազգային կազմակերպութեան գնահատումով Սահելի բնակչութեան մէկ ու կէս միլիոն մանուկները թիրախ են սովի։ Կացութիւնը յատկապէս ծանր է Մալիի մէջ, ուր ընտանիքներու 20 առ հարիւրը ապասերունդէն կը տառապի։ Անձրեւի պակասը ու ներքին զինեալ ընդհարումները արգելք հանդիսացած են հողամշակոյթի։ Շուրջ կէս միլիոն բնակիչներ իրենց օճախներէն հեռացած են եւ կը վախնան տուն վերադառնալ եւ անոնց կացութիւնը իրապէս ողբալի դարձած է։








All the contents on this site are copyrighted ©.