2013-04-22 08:25:53

«Ուաշինկթըն Սուրիական Ընդդիմութեան Իր Ոչ Մարտական Օժանդակութիւնները Պիտի Կրկնապատկէ» Կ՛ըսէ Քերրի:


Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի յայտարարեց, որ Ուաշինկթըն սուրիական ընդդիմադիր ուժերուն իր ոչ մարտական օժանդակութիւնները կրկնապատկելով պիտի հասցնէ 250 միլիոն տոլարի: Ան նոր օժանդակութիւնները, որոնք կը ներառեն գիշերային հեռադիտակներ եւ փամփշտարգելներ, գնահատեց 123 միլիոն տոլարով:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը աւելի ուշ յայտարարեց, որ Քերրի Պոլսոյ մէջ «Սուրիոյ բարեկամներ»-ու ժողովէն ետք Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունենալով քննարկած է սուրիական տագնապի հարցը:
Նշենք, որ ժողովին մասնակից արտաքին գործոց նախարարները Սուրիոյ կառավարութեան կոչ ուղղեցին Ժընեւի հաղորդագրութեան հիմամբ լուծումի մը հասնելու համար բանակցութեան սեղան նստելու:
Պոլսոյ ժողովէն ետք Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու, Քերրիի եւ սուրիական ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինի նախագահ Ահմետ Մաազ Խաթիպի հետ ունեցած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց, որ Սուրիոյ մէջ կոտորածները պէտք է դադրին:
Քերրի յայտնեց, որ այդ «սարսափելի» ճգնաժամը արդէն «հատած է սահմանները» եւ վտանգաւոր դարձած նաեւ այլ պետութիւններու համար:
Խաթիպ նշեց, որ իրենց նպատակը վրէժխնդրութիւն չէ, եւ իրենք դէմ են ահաբեկչութեան որեւէ դրսեւորման: «Վրեմիա» կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ ընդդիմադիրները ժողովին մասնակիցներէն խնդրած են հարուածել Սուրիոյ կառավարական ուժերուն դիրքերը եւ Սուրիոյ վերեւ թռիչքներու արգիլեալ գօտի ստեղծել` սուրիական օդուժին համար փակելով երկրին հիւսիսային եւ հարաւային մասերը: Սուրիոյ ընդդիմադիրները այս առնչութեամբ յայտարարութիւն տարածած են Պոլսոյ մէջ շաբաթ օր տեղի ունեցած «Սուրիոյ բարեկամներ»-ու ժողովէն ետք:
Երէկ Ազգային համաձայնական մարմինի անդամակցութեան յանձնախումբի նախագահ Մարուա Հաճօ ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Խաթիպ «վերահաստատած է իր հրաժարականը` առ ի պատասխան սուրիական տագնապին նկատմամբ միջազգային ընտանիքին կրաւորականութեան»:
«Կրնամ հաստատել միջազգային ընտանիքի սուրիական տագնապի նկատմամբ կրաւորական կեցուածքին եւ սուրիացի ժողովուրդին նկատմամբ աջակցութեան բացակայութեան պատճառով մարմինի նախագահութենէն Ահմետ Մաազ Խաթիպի հրաժարականը», ըսաւ Հաճօ:
Միւս կողմէ, Իրանի Ազգային ապահովութեան եւ արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի նախագահ Ալատտին Պորուժերտի խորհրդարանական պատուիրակութիւն մը գլխաւորելով Դամասկոս իր այցելութեան ընթացքին հաստատեց, որ Իրան կը զօրակցի բոլոր քաղաքական նախաձեռնութեանց, որոնք վերջ կու տան սուրիական տագնապին:
Ան նաեւ Իրանի աջակցութիւնը յայտարարեց Դամասկոսին` ընդդէմ «ամերիկեան քաղաքականութեանց եւ զանոնք գործադրող երկիրներուն»` աւելցնելով, որ «Իրան կը զօրակցի Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի թափած ջանքերուն»` նշելով, որ «Սուրիոյ դէմ դաւադրութիւն կատարողները ձախողեցան իրենց բոլոր ծրագիրներուն եւ գործերուն մէջ»:
Մինչ այդ, յորդանանեան ապահովական աղբիւր մը յորդանանեան «Քուտս» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ սուրիացի գաղթականներու Զաաթարի ճամբարին մէջ խռովարարութեանց հրահրման համար 8 սուրիացի գաղթականներ ձերբակալուած են: Ուրբաթ օր տեղի ունեցած խռովարարութիւններուն պատճառով յորդանանեան ապահովական ուժերու 10 անդամներ վիրաւորուած էին: Ձերբակալուած սուրիացիները դատական իշխանութեանց պիտի փոխանցուին:
Նշենք, որ յորդանանցիներ շաբաթ օր Զաաթարի գաղթակայան առաջնորդող ճամբաներէն մէկը փակեցին` հակադարձելով սուրիացի գաղթականներու խռովարարութեանց:








All the contents on this site are copyrighted ©.