2013-04-21 12:57:10

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Շնորհաւորագիրը Իտալիոյ Վերընտրուած Նախագահ` Ճորճիօ Նափոլէթանոյին։


Ի լուր Իտալիոյ նախագահ` Ճորճիօ Նափոլէթանոյի վերընտրութեան, ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը շնորհաւորագիր մը ուղղած անոր որուն մէջ գնահատած է Նախագահին նուիրական ու պատասխանատուութեան հոգին, որով ընդունեց վերընտրուիլ Իտալիոյ բարիքին համար։
Կ՛ուզեմ ձեզի ներկայացնել իմ անկեղծ ու սրտագին շնորհաւորութիւնները ու մինչ կը մաղթեմ որ դուք շարունակէք ձեր լուսաւոր եւ իմաստուն գործը, ձեր վրայ կը հայցեմ Աստուծոյ օրհնութիւնը ու ձեզի եւ Իտալիոյ կը ջամբեմ իմ առաքելական օրհնութիւնը որպէս քաջալերանք կերտելու համերաշխութեան, զօրակցութեան եւ յոյսի ապագայ մը։








All the contents on this site are copyrighted ©.