2013-04-21 13:13:13

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Նախագահեց Քահանայական Ձեռնարդրութեան Արարողութիւնը։


Կիրակի 21 ապրիլին, առաւօտեան ժամը 9,30-ին, ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Եկեղեցական կոչումներու աղօթքի օրուան առթիւ, Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքային մէջ նախագահեց Հռոմի Թեմի 10 նոր քահանաներու ձեռնադրութեան արարողութիւնը։
Նորօծ 10 քահանաները իրենց կազմաւորումը ստացած են Հռոմի զանազան Նորընծայարաններուն մէջ։ Անոնցմէ չորսը Հռոմի Քահանայապետական աւագ նորընծայարանին մէջ իրենց ուսումը ստացած են , չորսը ''Րէտէմթորիս Մաթէր'' վարժարանին մէջ, մինչ երկուքը ''Տիվինօ Ամորէ''ի նորընծայարանին մէջ։
Նորօծ քահանաներուն 6 Իտալացի են մէկը Արժանթինցի իսկ երկուքը Հնդիկ։
Սուրբ արարողութեան սկիզբը Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոսի աւանդատան մէջ, նոր ձեռնադրեալ քահանաներուն հետ միասին ամփոփուեցաւ աղօթելու ու զիրենք յանձնելու Աստուածամօր հովանիին։
Սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ, Սրբազան Քահանայապետը նորօծ քահանաներուն խօսեցաւ իրենց նոր ''առաքելութեան'' իմաստի մասին։
''Մեր Տէրը Յիսուսն է որ ձեզ ընտրեց կառուցելու համար Անոր Մարմինը` եկեղեցին'' -մատնանշեց Սրբազան Հայրը ու ապա զանոնք հրաւիրեց սերտելու Աստուծոյ Խօսքը որպէսզի հաւատան անոր ու զայն ուսուցանեն ուրիշներուն, խորապէս ապրելով իրենց սորվածը։ Յիշեցէ՛ք որ Աստուծոյ Խօսքը ձեր սեփականութիւնը չէ, այլ Աստուծոյ կը պատկանի ու Եկեղեցին անոր պահապանն է։ Այսօր` յանուն Քրիստոսի ձեզմէ կը խնդրեմ որ երբեք չի հոգնիք բարեգութ ըլլալէ։ Եղէ՛ք Հովիւներ եւ ոչ պաշտօնակատարներ։ Եղէ՛ք միջնորդներ եւ ոչ մատակարարներ։ Ձեր աչքերուն առջեւ ունեցէք միշտ Բարի Հովիւի օրինակը որ աշխարհ եկաւ ոչ թէ ծառայութիւն ընդունելու այլ ծառայելու եւ փրկելու կորսուածները։

Սուրբ Զոհի աւարտին Նորին Սրբութիւնը իր գրասենեակի պատշգամէն արտասանեց ''Ողջ Լեր Թագուհի'' մարեմեան աղօթքը Սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած հազարաւոր ուխտարւորներու ներկայութեամբ։ Աղօթքէն առաջ Սրբազան Քահանայապետը խորհրդածութիւն մը կատարեց օրուան սուրբ գրային ընթերցումներու մասին, որ կը խօսին''Բարի Հովիւի'' մասին ։ Ան ապա կոչ ուղղեց Վէնէզուելլայի մէջ տեղի ունեցող քաղաքական տագնապներուն լուծման ի նպաստ, ինչպէս նաեւ յիշեց Չինաստանի մէջ պատահած երկրաշարժի զոհերը։
Նորին Սրբութիւնը ապա ողջունեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակը գտնուող բազմահազար հաւատացեալները ու անոնց ջամբեց իր հայրական օրհնութիւնը։







All the contents on this site are copyrighted ©.