2013-04-20 13:10:20

Ռուսաստան Սուրիոյ Պիտի Յատկացնէ Երեք Միլիոնի Չափով Մարդասիրական Օգնութիւն


Ռուսաստան այս տարի Սուրիոյ պիտի յատկացնէ երեք միլիոնի չափով մարդասիրական օգնութիւն: Այս մասին յայտարարած է Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Ալեքսանդր Լուքաշեւիչը: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, նախորդ տարուան ընթացքին այդ նպատակով յատկացուած է եօթ միլիոն տոլար, եւ Ռուսաստան մտած է Սուրիոյ խոշոր նուրիրատուներու քսանեակի մէջ:
Լուքաշեւիչ նշած է, որ Սուրիոյ մէջ մարդասիրական ճգնաժամի խորացման զուգահեռ մեծ գումարներ կը տրամադրուին զինուած ապստամբներուն: Աւելի վաղ Ռուսաստան մարդասիրական օգնութիւն ուղարկած էր Լիբանանի եւ Յորդանանի մէջ գտնուող սուրիացի փախստականներուն:








All the contents on this site are copyrighted ©.