2013-04-20 13:10:07

Չեխիոյ Խորհրդարանական Պատուիրակութեան Անդամները Այցելած Են Ծիծեռնակաբերդ


Չեխիոյ Հանրապետութեան խորհրդարանի Եւրոպական հարցերու մնայուն յանձնաժողովի նախագահ Եան Պաուերի գլխաւորած պատուիրակութիւնը 19 Ապրիլին այցելած է Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր: Չեխ խորհրդարանականները ծաղկեպսակ եւ ծաղիկներ զետեղած են Հայոց Ցեղասպանութեան յուշակոթողին առջեւ, լռութեամբ յարգած են ցեղասպանուած մէկուկէս միլիոն անմեղ զոհերուն յիշատակը:
Եան Պաուերն ու պատուիրակութեան անդամները շրջագայած են Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ, ծանօթացած են Հայոց Մեծ Եղեռնը հաւաստող փաստաթուղթերուն ու վաւերագրութիւններուն, հետաքրքրութեամբ դիտած են ցուցանմոյշները:








All the contents on this site are copyrighted ©.