Մայր Աթոռին Մէջ Կայացած Է Հայ Եկեղեցւոյ Ծիսական Հարցերու Յանձնախումբի Հանդիպում
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ 16-17 Ապրիլին Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին եւ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին օրհնութեամբ տեղի ունեցած է Հայ առաքելական եկեղեցւոյ
ծիսական հարցերու յանձնախումբի հերթական հանդիպում՝ համաատենապետութեամբ Արշակ եպս. Խաչատրեանի
եւ Կոմիտաս արք. Օհանեանի: Յանձնախումբը քննարկած եւ վերջնական տեսքի բերած է Սուրբ
Մկրտութեան արարողութեան միասնական տարբերակը, Մկրտութեան ծէսին առնչուած կանոնական հարցերու
ուղեցոյցը եւ նախամկրտական ուսուցողական ձեռնարկը: