2013-04-20 11:15:55

Հայոց Ցեղասպանութեան 98-ամեակի Աշակերտական Ոգեկոչում։


Կազմակերպութեամբ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտական խորհուրդին, Ուրբաթ, 19 Ապրիլի երեկոյեան, «Յ. Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ, տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 98-ամեակի աշակերտական ոգեկոչում, ներկայութեամբ՝ Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպանատան կցորդ պրն. Արամազդ Մուրատեանի, պետական երեսփոխան պրն.Շանթ Չինչինեանի, Հայ Կաթողիկէ վարժարաններու տնօրէններու խորհուրդի նախագահ Հ. Գէորգ. Ծ. Վ. Եղիայեանի, հոգեւոր հայրերու, կրթական պատասխանատուներու եւ մեծաթիւ բազմութեան:
Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգները լսելէ ետք, Մեսրոպեան վարժարանի աշակերտական խորհուրդին անունով խօսք առաւ Սանտրա Չէօլմէքեան, ապա գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիրը. խումբ մը աշակերտներ արտասանեցին Սիամանթոյին «Խեղդամահը», Կասիա Լեւոնեան ֆլիւթով նուագ մը ներկայացուց, վարժարանի «Հաւասի» աշուղական համոյթը երգեց «Ուխտ եմ արել» եւ «Պիտի գնանք» երգերը: Խումբին գեղարուեստական ղեկավարն է տիկին Գարմէն Աճէմեան:
«Հայոց Ցեղասպանութիւն` անպատիժ մնացած անմարդկային ոճիր» խորագրով տեսերիզի ցուցադրութենէն ետք, խօսք առաւ օրուան բանախօսը՝ Մեսրոպեան վարժարանի անցնող տարեշրջանի շրջանաւարտ Լորի Եթերեան, որ ըսաւ. «Սիրելի՛ Հրանդ Տինք, դուն գտած ես անոնց, որոնց մենք կորսնցուցած ենք 98 տարիներ առաջ: Խնդրե՛մ, յարգանքով ու պատիւով համբուրէ օրհնեալ ճակատները իւրաքանչիւր նահատակի ու հերոսի, եւ անոնց ըսէ՛, որ մենք պիտի շարունակենք քալել իրենց սրբազան ճանապարհէն»: Ան նշեց, որ աշակերտութենէն ու երիտասարդութենէն պահանջուած է համախմբել հայութեան ուժերն ու կարողականութիւնները, շարունակել ճանաչման աշխատանքները, ճանաչումէն անցնիլ հատուցումի հանգրուան, համախմբել փաստաթղթերը եւ հայութեան հարցը ներկայացնել միջազգային դատարաններուն մէջ, հետապնդել եկեղեցապատկան կալուածներ ու հարցերը եւ մեր ձայնը լսելի դարձնել Թուրքիոյ մէջ թաքուն հայերուն: Լորի Եթերեան շեշտեց, որ Ապրիլ 24-ը հայութիւնը համախմբող ու առաջնորդող ուղեցոյցը պէտք է ըլլայ, եւ աշխատանքը պէտք չէ սահմանափակուի մէկ օրով, այլ տարածուի ամբողջ տարուան ընթացքին:
Օրուան պատգամին յաջորդեց խմբային ասմունք, որմէ ետք Սեւան Ղարիպեան ջութակով նուագեց «Աւէ Մարիա»ն, մինչ վարժարանի երգչախումբը, խմբավարութեամբ պրն.Մանուէլ Քէշիշեանի, երգեց հայրենասիրական երգերու շարան մը: Գեղարուեստական յայտագիրը փակուեցաւ վարժարանի վերակազմուած «Շուշի» պարախումբի իւրայատուկ կատարումով, որուն պարուսոյցն է տիկին Սարին Արթինեանը:
Խօսք առաւ նաեւ՝ Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն պրն.Կրէկուար Գալուստ, որ նշեց, թէ մեսրոպեանական աշակերտները վայելուչ եւ պատշաճ կերպով փոխանցեցին իրենց պահանջատիրական պատգամը: Մեսրոպեանի տնօրէնը յայտնեց, որ ծրագրուած եւ կազմակերպուած աշխատանքով պէտք է դիմաւորել հարիւր ամեակը: Հուսկ բանքը արտասանեց Հայր Գէորգ Ծ. Վ. Եղիայեան որ ըսաւ ի միջ այլոց. ՜՜պէտք է յիշել ցեղասպանութեան արհաւիրքը եւ պահանջել հայութեան հողային եւ մարդկային արդար իրաւունքները՝՝:









All the contents on this site are copyrighted ©.