Հայկական մշակութային ժառանգութեան երկու կոթող` Արագածոտնի մարզի Սբ. Պօղոս-Պետրոս եկեղեցին
եւ Թուրքիոյ տարածքին գտնուող Սբ. Գէորգ հայկական եկեղեցին, ընդգրկուած են եւրոպական
մշակութային ժառանգութեան առաւել վտանգուած մշակութային եւ պատմական կոթողներու նախնական
ցուցակին մէջ: Այս մասին կը յայտնէ Armenpress.am-ը` վկայակոչելով բրիտանական հեղինակաւոր
The Guardian թերթը: «Ընդհանուր առմամբ ( յայտնած է թերթը) 14 հնագիտական վայրեր,
կրօնական շինութիւններ, պատմական քաղաք-կեդրոններ եւ ռազմական ամրութիւններ ընդգրկուած
են ամէնէն վտանգուած մշակութային եւ պատմական արժէք ներկայացնող կոթողներու նախնական
ցուցակին մէջ»: Շուրջ 21 երկրի կողմէ անուանակարգին մէջ ներկայացուած եւ մշակութային
ու պատմական արժէք ներկայացնող 40 կոթողներէն փորձագէտներու կողմէ ընտրուած են 14-ը,
որոնք պիտի կրճատուին` մինչեւ հասնին եօթի` վերջնական ցուցակին համար: Վերջնական ցուցակը
պիտի հրապարակուի 16 Յունիսին Աթէնքի մէջ Europa Nostra-ի (The Voice of Cultural Heritage
in Europe (Եւրոպայի մէջ մշակութային ժառանգութեան ձայնի ) 50-րդ տարեդարձին նուիրուած
համաժողովին ընթացքին: Արագածոտնի մարզի Սբ. Պօղոս-Պետրոս եկեղեցին աշխարհի առաջին
քրիստոնէական կառոյցներէն մէկն է` կառուցուած Ե. դարու սկիզբը: Եկեղեցին լրջօրէն վնասուած
է պարբերական ջրհեղեղներու հետեւանքով եւ անյապաղ վերանորոգման կարիքն ունի: Ժամանակակից
Թուրքիոյ՝ Մարտին քաղաքին մէջ գտնուող Սբ. Գէորգ հայկական եկեղեցին եւս, կը թուագրուի
Ե. դարով եւ այժմ լքեալ վիճակի մէջ է: