2013-04-20 11:02:52

Երանացման Արարողութիւն Սոնտրիոյի Մէջ


Իտալիա -Կիրակի 21 Ապրիլին՝ Սոնտրիոյի մէջ, Աստուծոյ Ծառայ Նիքոլօ Ռուսգա երանելի պիտի հռչակուի սրբազան քահանայապետի կողմէ։
Կարտինալ Անճելօ Ամաթօ, կառավարիչը սուրբերու դատի ժողովին յանուն ֆրանչիսկոս քահանայապետին պիտի գլխաւորէ արարողութիւնը։
Նոր երանելին եղած էր Սոնտրիօ թեմի աւագերէցը։
Իտալա-Զուիցերացի Հայր Նիքոլօ ծնած էր 20 Ապրիլ 1563-ին, Պետանոյի մէջ (Զուիցերիա) եւ նահատակուած 4 Սեպտեմբեր 1618-ին Թուսիսի մէջ։
Արդարեւ մինչ ան կը հարցաքննուէր ատեանի կողմէ, սաստիկ կտտանքներու ենթարկուելով է որ իր մահկանացուն կը կնքէ, ու իր մարմինը կը թաղուի մահացած վայրը , սակայն 1619-ին գաղտնօրէն դուրսբերուելով կը թաղուի Բֆաֆըրսի աբբայարանին մէջ, ապա Գօմօ իսկ 8 օգոստոս 1852-ին Սոնտրիոյի Բրոթազօ եւ Ճերվազօ սրբոց եկեղեցւոյ մէջ, ուր պահուած է մինչեւ այսօր, կարելիութիւն տալով հաւատացեալներու մեծարելու այս հաւատքի մարտիրոսը։
Երանացման դատը վերջ գտաւ 19 դեկտեմբեր 2011-ին, Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր սրբազան Քահանայապետի յայտարարութեամբ, որով ճանչցաւ երանելիին մարտիրոսութիւնը։ Երանացման արարողութւնը տեղի կ՝ունենայ անոր ծննդեան 450-րդ տարեդարձին առիթով։








All the contents on this site are copyrighted ©.