2013-04-20 11:44:25

2013-ը՝ Հայ Մօր Տարի


Հռչակուած Արամ Ա. կաթողիկոսի կողմէ.
Հայ մօր դաստիարակիչ դերը:
Մայրեր, եւ յատկապէս հայ մայրեր, որպէս դաստիարակներ, պէտք է պատրաստեն աղջիկները բարդ կառոյցով յատկանշուող արդի կեանքին յարմարելու եւ անոր յարուցած դժուարութիւնները դիմագրաւելու ու յաղթահարելու նկարագրով։ Հոգեբանական ուսումնասիրութիւններէն ի յայտ կու գայ որ՝ երբ տան մէջ աղջիկը ստանայ ինքնաբաւ, ինքնավստահ ու անկախ ըլլալու դաստիարակութիւնը, ու չի քաջալերուիր որ ան իր մօր փէշերուն կպած գոյութիւն մը դառնայ, ուսումնական կեանքի մէջ կը նուաճէ համալսարանական բարձր մակարդակ, տիրանայ ասպարէզի ու հարթէ կեանքի ճանապարհ մը... Այսպիսի աղջիկները մօր եւ հօր հետ կ՝ունենան առողջ յարաբերութիւն սիրոյ, քաջալերանքի եւ գնահատանքի մթնոլորտի մը մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.