2013-04-19 12:44:38

Մէկ Ամիս Առաջ Տեղի Կ՛ունենար Ֆրանչիսկոս Պապի Գահակալութիւնը։


Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաւօտեան ժամը 11-ին իր գրասենեակի մէջ ընդունեց Էգուատորի հանրապետութեան նախագահը Տիար Ռաֆայէլ Գորրէա Տէլկատօ ու անոր ընկերացող պատուիրակութիւնը։ Ապա ժամը 11,30 -ին Սրբազան Հայրը ընդունեց Անտիոքի Կաթողիկէ Ասորիներու Պատրիարք` գերերջանիկ Եուսսէֆ Իգնատիոս Եունանը ու ապա ժամը 12-ին ընդունեց Մոնթէնէկրոյի հանրապետութեան Ս. Աթոռի մօտ դեսպան` Տիար Անդուն Սպութէկա հրաժեշտի այցելութեան առթիւ։ Յայտնենք որ Նորին Սրբութիւնը երէկ հինգշաբթի 18 ապրիլին ընդունած էր նաեւ Անտիոքի Կաթողիկէ Մելքիթներու Պատրիարք` գերերջանիկ Կրէկորիոս Գ Լահհամը։

Մէկ ամիս առաջ, 19 Մարտին, սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ ի ներկայութեան աշխարհէն ժամանած բարձարստիճան եկեղեցական եւ քաղաքական անձնաւորութիւններու տեղի կ՛ունենար Քահանայապետի գահակալութեան արարողութիւնը, որ սկիզբ կու տար ֆրանչիսկոս Պապի քահանայապետական ժամանակաշրջանին։
Այս առթիւ Յիսուսեան Միաբանութեան Գրիգորեան համալսարանի մէջ այսօր` յետմիջօրէին տեղի կ՛ունենայ հանդիպում մը ''ֆրանչիսկոս Պապը մէկ ամիս ետք'' խորագրով։








All the contents on this site are copyrighted ©.