2013-04-19 12:45:56

Հիւսիսային Քորէա Բանակցութիւններուն Վերսկսելու Համար ՄԱԿ-Էն Կը Պահանջէ Պատժամիջոցները Ջնջել


Հիւսիսային Քորէայի մէջ Ազգային պաշտպանութեան յանձնախումբը յայտարարեց, որ ՄԱԿ պէտք է պատժամիջոցները ջնջէ եւ Միացեալ Նահանգներ ու Հարաւային Քորէա «բոլոր թշնամական արարքները» դադրեցնեն, եթէ կ՛ուզեն Փիոնկեանկի հիւլէական ծրագիրին վերջ տալու բանակցութիւններուն վերսկսիլ` աւելցնելով, որ «ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի հաստատած պատժամիջոցները պէտք է ջնջել»:
Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի Ներկայացուցիչներու տան մէջ իր արտասանած խօսքին ընթացքին յայտնեց, որ «Հիւսիսային Քորէայի հետ ճակատումին խաղաղ լուծումը մեծապէս կախեալ է Չինաստանի մասնակցութենէն»` աւելցնելով, որ «եթէ Չինաստանը չ՛ըլլար, Հիւսիսային Քորէան կը տապալէր»:








All the contents on this site are copyrighted ©.