ՀԱՒԱՏՈՅ ՏԱՐԻ Յարութեան գաղափարը Հին Կտակարանին մէջ
Յարութեան հաւատքը գոյութիւն ունէր աշխարհի սկիզբէն ի վեր: Այս ստոյգ ճշմարտութիւնը իսկոյն
յայտնուեցաւ արդէն մեր նախածնողներուն՝ Ադամի եւ Եւայի իրեց անկումէն անմիջապէս ետք,
ապա դարուց ի դարս փոխանցուեցաւ յաջորդ սերունդներուն՝ նահապետներու եւ մարգարէներու
բերնով եւ կնքուեցաւ բազմաթիւ մարտիրոսներու եւ նահատակներու ս. արիւնովը՝ Մեսիայի գալուստէն
առաջ: Հազիւ թէ Ադամ մեղանչած էր դրախտին մէջ՝ ահա Արարիչը կը մխիթարէ ու կը քաջալերէ
զինքը փրկագործութեան խոստումով, որ կը պարփակէ ինքն իր մէջ յարութեան գաղափարը: Այնքան
համոզուած էր Ադամ այս ճշմարտութեան մասին՝ որ իր կինը Եւայ կը կոչէ, որ կը նշանակէ մայր
ողջերու, պատկերացնելով այս կերպով այն եզական չքնաղ մայրը մարդկութեան, որուն զաւակը
պիտի հանդիսանար յարութիւն եւ կեանք աշխարհի: Եսայի մարգարէն յայտնի բացայայտ կ՛ըսէ
իսրայէլի ժողովուրդին. « Ձեր մեռեալները պիտի վերադառնան կեանքի, անոնք որոնք պատերազմներու
մէջ մեռան՝ պիտի յառնեն: Դուք որ կը ննջէք գերեզմաններու մէջ՝ արթնցէք: Գովաբանութեան
երգեր բարձրացուցէք, դուք որ հողի տակ կը գտնուիք, որովհետեւ Տիրոջ զօրութիւնը կը թաթանցէ
հողէն ներս՝ ինչպէս արեւու ջերմութիւնը եւ պիտի բեղմնաւորէ ձեր աճիւնները առաւօտեան ձօղով»: Եզեկիէլ
մարգարէացաւ ինչպէս որ իրեն հրամայուեցաւ Տիրոջ կողմէ, երբ իրեն ըսաւ. « Որդի մարդոյ,
մարգարէացիր շունչին եւ անոր ըսէ. Տէր Աստուած այսպէս կ՛ըսէ. « Ով շունչ, եկուր չորս
ծագերէն եւ այս մեռեալներուն վրայ փչէ որպէսզի վերակենդանանան»: … Ուստի մարգարէացիր
եւ անոր ըսէ. « Տէր Աստուած այսպէս կ՛ըսէ. « Ահա ես ձեր գերեզմանները պիտի բանամ ու ձեզ
գերեզմաններէն պիտի հանեմ, ով իմ ժողովուրդս. ձեզ պիտի բերեմ Իսրայէլի երկիրը: Եւ երբ
ձեր գերեզմանները բանամ, ու ձեզ հանեմ ձեր գերեզմաններէն, ով իմ ժողովուրդս, այն ատեն
պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը» (Եզ. ԼԷ. 1-14): Դանիէլ Մարգարէն կը խօսի ոչ միայն յարութեան
մասին, այլ նաեւ բարիներու եւ չարերու տարբեր վիճակի մասին: «Երկրի հողին տակ, կ՛ըսէ,
շատեր պիտի արթըննան, ոմանք յաւիտենական կեանքի համար, ուրիշներ՝ յաւիտետենական նախատանքի
եւ ամօթի համար (Դան. ԺԲ. 2): Յովբ Երանելին իր վիշտերուն մէջ՝ ինքզինքը կը մխիթարէր
յարութեան գաղափարով: «Գիտեմ, կ՛ըսէր, որ Փրկիչս կ՛ապրի եւ վերջին օրը հողէն պիտի ելլեմ
եւ դարձեալ պիտի շրջապատուիմ մորթէս եւ մարմնովս պիտի տեսնեմ Աստուածս (Վովբ, ԺԹ. 25): Վերջապէս,
Յարութեան օրինակը խորհրդանշող գլխաւոր օրինակը անկասկած կը հանդիսանայ Յովնան մարգարէն:
Հայոց եկեղեցին, բացի Յովնանը յիշելէ որպէս Աստուածաշունչի մեծ սուրբերէն մին, 12 մարգարէներուն
հետ կը յիշատակէ զայն ու իր ապաշխարանքի քարոզութիւնը առաջաւորաց Պահքի Ուրբաթ օրը: Օր
մը դպիրները Յիսուսէն խնդրեցին նոր հրաշք մը, որպէսզի հաւատան Անոր աստուածային առաքելութեան,
եւ սակայն Քրիստոս անոնց խոստացաւ իր յարութիւնը ըսելով. « Ինչպէս որ Յովնան մնաց կէտձուկի
փորին մէջ երեք օր եւ երեք գիշեր, նոյնպէս ալ Մարդու Որդին պիտի մնայ երկրի սրտին մէջ
երեք օր եւ երեք գիշեր»: