Հայոց Ցեղասպանութեան Տարելիցին Նուիրուած Յատուկ Նիստ Կիպրոսի Խորհրդարանէն Ներս
Կիպրոսի խորհրդարանին մէջ Ապրիլ 18-ին պիտի գումարուի Հայոց Ցեղասպանութեան 98-րդ տարելիցին
նուիրուած յատուկ նիստ, որուն ընթացքին ելոյթ պիտի ունենայ հայ խորհրդարանական Վարդգէս
Մահտէսեան: Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած ոգեկոչումներու ծիրէն
ներս պիտի կայանայ կիպրահայերու ամենամեայ քայլարշաւը մայրաքաղաք Նիկոսիոյ մէջ: Երթի
մասնակիցները Մակարիոս պողոտայէն պիտի շարժին դէպի Հայաստան անունը կրող փողոց, կանգ
առնեն Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յուշարձանին մօտ, ուր պիտի կայանայ ոգեկոչման արարողութիւնը:
Ելոյթ պիտի ունենան հայ խորհրդարանական Վարդգէս Մահտէսեանն ու Կիպրոսի առաջնորդ, արքեպիսկոպոս
Վարուժան Հերկելեանը, նաեւ Նիկոսիոյ քաղաքապետ Սթրովոլոս Լազարոս Սաւուիեսը: Ապրիլ
20-ին հայ համայնքի անդամները արիւն պիտի յանձնեն Կիպրոսի գլխաւոր հիւանդանոցի արեան
դրամատան համար: