2013-04-19 12:48:13

Հայաստանի Բնապահպանութեան Հարցերուն Նուիրուած Քննարկում


Կլեէնտէյլ- Կիրակի, 21 Ապրիլին, Հայաստանի բնապահպանութեան հարցերուն նուիրուած քննարկում մը տեղի պիտի ունենայ Կլեէնտէյլի Իրանահայ միութեան կեդրոնին մէջ, կեդրոնանալով յատկապէս անպատասխանատու անտառահատումին եւ հանքերու օգտագործման վրայ:
Հայաստանի «Փրկենք Թեղուտը» շարժումին նեցուկ կանգնելու եւ Հայաստանի բնապահպանութեան աշխատանքներուն մէջ Սփիւռքի աջակցութիւնը ապահովելու նպատակներով, Լոս Անճելըսի մէջ հաստատուած կազմակերպութիւնը նախաձեռնած է այս հաւաքը:
Կազմակերպութիւնը ի մի եկաւ «Փրկենք Թեղուտը» շարժումի գործիչներէն Եղիա Ներսիսեանի Լոս Անճելըս այցելութան իբրեւ արդիւնք: Ան շրջանի հայ համայնքին փոխանցած էր տեղեկութիւններ Հայաստանի մէջ տարուող բնապահպանական աշխատանքներուն մասին:
Թեղուտը փրկելու համար տարուող աշխատանքներուն մօտէն ծանօթանալու համար այցելել www.teghut.am կայքը:








All the contents on this site are copyrighted ©.