2013-04-19 12:46:10

5էն 15 Զոհ՝ Թեքսասի Պարարտանիւթի Գործարանի Մը Մէջ Պայթումի Հետեւանքով


Հինգշաբթի, Ապրիլ 18ին, Թեքսասի տեղական իշխանութիւնները հաղորդեցին, թէ մօտաւորապէս 160 հոգի վիրաւորուած է ու 5էն 15ի միջեւ զոհեր արձանագրուած են Չորեքշաբթի գիշեր, Թեքսասի Ուեթս քաղաքի պարարտանիւթ արտադրող գործարանին մէջ տեղի ունեցած ուժգին պայթումին հետեւանքով:
Պայթումէն առաջ հրդեհ մը ծագած էր գործարանին մէջ եւ հրշէջներ կը փորձէին զայն զսպել. այդ իսկ պատճառով, զոհերուն մէկ մասը հրշէջ եղած է:
Պայթումին հետեւանքով քանդուած են տասնեակներով բնակարաններ, դպրոց մը եւ ծերանոց մը՝ մօտաւորապէս 2800 բնակչութիւն ունեցող քաղաքին մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.