2013-04-18 11:11:52

Սրբազան Քահանայապետի Նամակը Արժէնթինի Եպիսկոպոսներուն.


''Եկեղեցին թող ըլլայ քարոզիչ` եւ ոչ եսակեդրոն''։

Արժէնթինի եպիսկոպոսներուն համահաւաք դասի լիանսիտ ժողովի առթիւ, որ տեղի կ՛ունենայ Բիլարի մէջ մինչեւ 20 ապրիլ, ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը նամակ մը ուղղած է անոնց որուն մէջ ընդգծած է եկեղեցւոյ հովութեան ''միսիոնարական'' բնոյթը։
Նորին Սրբութիւնը իր նամակին մէջ կը յորդորէ եպիսկոպոսները ''իրենցմէ դուրս ելլելու եւ երթալու դէպի արուարձանները։'' ''Եկեղեցի մը որ ինքնիրմէ դուրս չ՛ելլեր, ուշ կամ կանուխ, կը հիւանդանայ։ Եւ եթէ շիտակ է թէ տունէն դուրս ելլողը կրնայ արկածներու հանդիպիլ, հազար անգամ կը նախընտրեմ 'արկածահար եկեղեցի մը քան հիւանդ եկեղեցի մը'' - կը գրէ ֆրանչիսկոս պապը - մատնանշելով թէ Եկեղեցւոյ հիւանդութիւնը անոր ''եսակեդրոնութեան մէջ կը կայանայ, որ արգելք կը հանդիսանայ ապրելու աւետարանցումի ուրախ եւ մխիթարիչ փորձառութիւնը։''
Սրբազան Քահանայապլետը իր նամակը կ՛եզրափակէ Արժէնթինի ժողովուրդին յատուկ ոռջոյն մը ուղարկելով եւ եղբայրական զգացումներ յայտնելով Արժէնթինի եպիսկոպոսներուն ու անոնցմէ խնդրելով որ ''աղօթեն իրեն համար որպէսզի ''չի հպարտանամ եւ գիտնամ ունկնդրել Աստուծոյ կամքը եւ ոչ իմ կամքս''։








All the contents on this site are copyrighted ©.