2013-04-18 11:06:41

Հայ Եկեղեցին Ու Հայ Երիտասարդը Դէմ Առ Դէմ


Քաղուած Հ. Գրիգոր Ծ. Վրդ. Չիֆթճեանի Խորհրդածութենէն
Հոն Ուր Դիակ Կայ, Այնտեղ Կը Հաւաքուին Արծիւները։
Աւետարանին էջերուն արձանագրուած Յիսուսի քարոզութիւններուն մէջ յանկարծ երեւցող նախադասութիւն է. «Ուր գէշն իցէ, անդ ժողովեսցին արծուիք»: Այսինքն՝ հոն ուր դիակ կայ, այնտեղ կը հաւաքուին արծիւները:
«Գէշ» բառը գրաբարով «դիակ» կը նշանակէ, իսկ աշխարհաբար հայերէնով «գէշ» բառին «վատ» թարգմանութիւն տրուած է եւ չափազանց նողկանքով ալ կ՛օգտագործուի խօսակցական լեզուին մէջ: Սակայն ամբողջովին պէտք չէ՛ հեռացնել բառը իր գրաբարեան իմաստէն: Որովհետեւ վատը շրջուն դիակ է, որ չի՛ կրնար ընկերային կեանքի մէջ իր պատուաւոր տեղը ունենալ: Այնպէս, ինչպէս դիակը շուտով կը հեռացուի, կամ հողի տակ դրուելով կը չէզոքացուի, որպէսզի իր գարշահոտութեամբ շրջապատը չ՛ապականէ, ո՛չ ալ իր նեխածութիւնը զզուանք պատճառէ մարդոց, նոյնպէս ալ վատը, նախ, չի՛ կրնար ընկերութիւն շահիլ շրջապատին մէջ եւ շուտով կենդակի դիակի կը վերածուի, մերժուելով բոլորէն ու հեռացուելով ընկերական շրջանակէն:
Գրաբարով «գէշ»ին եւ աշխարհաբարով «գէշ»ին միջեւ սակայն հիմնական տարբերութիւն կայ: Առաջինը արդէն մեռեալ տարր է, որ իբրեւ փճացած մարմին, կրնայ միայն ապականել օդը ու նեխածութիւն եւ գարշահոտութիւն տարածել: Սակայն, իր այդ վիճակին մէջ, դիակը բարիք կը սփռէ շրջապատին, գիշատիչ թռչուններուն եւ յափշտակիչ բորենիներուն կեր հայթայթելով:
Երկրորդը՝ աշխարհաբար թարգմանութեամբ գէշը, (վատը) արդէն բնութեան փոփոխութեան հարց չէ, այլ բնաւորութեան խնդիր, որ մարդուն հետ կը ծնի, եւ կը մնայ մինչեւ մահ, կը տանի մինչեւ գերեզման: Նման ամէն մարդու, գէշ մարդն ալ բնականաբար կը յոգնի, ուստի կ՛ուզէ հանգիստի երթալ: Հոս տեղին է ըսել արդեօք գէշը կրնա՞յ դադրիլ չարութիւն ընելէ, ուրեմն անոր արձակուրդ առնելը հանգիստի համար չէ, այլ՝ ընդհակառակը, աւելի լայն ժամանակ ունենալու եւ նոր ծրագրաւորումներ կատարելու համար:
՜՜Գէշը արձակուրդի եթէ երթար, աշխարհը կը խաղաղէր՝՝ պիտի ըսեն շատեր։
Այս «արձակուրդը» գէշին համար նպաստաւոր կը դառնայ, որովհետեւ մարդոց ուշադրութեան կեդրոնէն կը հեռանայ, կ՛անցնի մթութեան մէջ եւ այնտեղէն կը շարունակէ գործել աւելի սանձարձակ:
Եւ ինչպէս որ արձակուրդի գացողը կազդուրուած ու հոգեպէս վերանորոգուած կը վերադառնայ իր նախկին գործին, այնպէս ալ գէշը որոշ ժամանակ առանձնանալով ու մարդոց ուշադրութենէն դուրս գալով, աւելի՛ գէշցած ու ոխակալութեան ախտը զօրացուցած, կը վերադառնայ մարդոց կեանքին մէջ եւ աւելի մեծ ճիգերով իր սադրանքները կը կազմակերպէ:








All the contents on this site are copyrighted ©.