2013-04-18 11:35:06

Կարտինալ Սանտրիի Դասախօսութիւնը ''Տիեզերական Բ. Ժողովը եւ Արեւելցիները'' Նիւթին Մասին։


Արեւելեան եկեղեցիներու Կառավարիչ` Կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրին, այսօր հինգշաբթի 18 ապրիլի յետմիջօրէի ժամը 6-ին, Րումանացիներու Քահանայապետական Վարժարանի մէջ կը դասախօսէ ''Տիեզերական Բ. Ժողովը եւ Արեւելցիները'' նիւթին մասին։
Սոյն դասախօսութիւնը մաս կը կազմէ Սուրբ Աթոռի մօտ Րումանիոյ դեսպանատան կողմէ Հաւատոյ Տարուայ առթիւ կազմակերպուած շարք մը հանդիպումներուն, որոնք ներշնջուած են վաստակաւոր քահանայապետ` Պենետիկտոս ԺԶ-ի ''Դուռն Հաւատոյ'' շրջաբերկան թուղթէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.