2013-04-18 11:31:06

Լոնտոնը Հրաժեշտ Տուաւ «Երկաթէ Լէյտիին»


Մեծ Բրիտանիոյ մայրաքաղաք Լոնտոնի մէջ տեղի ունեցաւ հրաժեշտի արարողութիւնը երկրի նախկին վարչապետներէն Մարկրիթ Թաչըրի, որ ուղեղի կաթուածէն մահացած էր Ապրիլ 8-ին՝ 87 տարեկանին, կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը:
Սգոյ արարողութեան ներկայ եղած է աւելի քան 2 հազար մարդ, ինչպէս` Եղիասաբեթ Երկրորդ թագուհին` ամուսինին հետ, գործող վարչապետ Տէյվիտ Քեմերոն, մեծ թիւով քաղաքական գործիչներ՝ ինչպէս Մեծ Բրիտանիայէն, այնպէս ալ այլ երկիրներէ: Ս.Պօղոսի տաճարին մէջ հոգեհանգիստի արարողութենէն առաջ Թաչըրի աճիւնը ամփոփող դագաղը շրջած են Լոնտոնի փողոցներով:
Ս.Պօղոսի տաճարին մէջ յուղարկաւորութեան կարգէն ետք Մարկրիթ Թաչըրի մարմինը տեղափոխուած է Չելսիի թագաւորական զինուորական հիւանդանոցին առընթեր գերեզմանատուն, ուր ան կը դիակիզուի եւ հանդիսաւոր պայմաններու մէջ կը թաղուի անոր ամուսինին` Տենիս Թաչըրի շիրմի կողքին:








All the contents on this site are copyrighted ©.