Միացեալ Նահանգներու ապահովական մարմինները Չորեքշաբթի, Ապրիլ 17ին հաստատեցին, թէ նախագահ
Պարաք Օպամայի յղուած նամակներէն մէկուն մէջ թունաւոր նիւթ գտնուած է: Նամակը նախագահին
հասնելէ առաջ՝ մեկուսացուած եւ ապահով վայր մը փոխադրուած է: Մէկ օր առաջ, նման նամակ
մը գտնուած էր նաեւ Միսիսիփիէն ծերակուտական Ռաճըր Ուիքըրի ուղարկուած պահարաններուն
մէջ՝ առանց վնաս պատճառելու: Նոյն օրը նաեւ հաղորդուեցաւ, թէ Պոսթընի պայթումներուն
կա-պակցութեամբ կասկածելի մը կը հետապնդուի: