2013-04-18 11:18:47

Եղբայրօգնութեան Կոյսերու Լռելեայն Վկայութիւնը.


՜՜Կանչուած ենք խստիւ պահել օրէնքը ու չխօսիլ մեր հաւատքին մասին՝՝։ Կրօնաւորուհի քոյր Մարի Պրունօ, այն հազուագիւտ կրօնաւորուհիներէն է, որուն արտօնուած է կեցութիւն հաստատել հիւիսային Լաւոսի մէջ, ուր քրիստոնեաները մեծ դժուարութեամբ կ'ապրին իրենց հաւատքը ու անոնց արգիլուած է քարոզչութիւն կատարել, համայնավար ու աստուածամերժ վարչաձեւի ներկայութեան պատճառաւ։ Կրօնաւորուհի քոյր Մարի Պրունոյի եւ այլ երկու կրօնաւորուհիներու ներկայութիւնը ընդունուած է այդ շրջանի չքաւորներու, անկարներու եւ դժուար վիճակի մէջ գտնուող անձերուն ի սպաս կատարած դաստիարակչական ու ընկերային գործունէութիւններուն։ Կրօնաւորուհի քոյր Մարի Պրունօ հաստատած է որ հինգ տարիէ հիւիսային Լաոս կը գտնուինք Առաքելական դեսպանի ու կառավարութեան խնդրանքին վրայ, մենք աղքատներով ու անկարներով կը զբաղինք տալով անոնց խնամք ու սէր , սակայն իրաւունք չունինք կրօնական դաստիարակութիւն տալու։








All the contents on this site are copyrighted ©.