2013-04-17 12:16:44

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Չորեքշաբթի Օրուայ Հրապարակային Ունկնդրութիւնը։


Չորեքշաբթի 17 ապրիլի առաւօտեան ժամը 10,30-ին, ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետը հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ համախմբուած տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորնեուն։

Անոնց արտասանած իր ճառին մէջ Սրբազան Հայրը շարունակելով հաւատքի մասին իր խորհրդածութիւնները ըսաւ.

Սիրելի եղբայրներ ու քոյրեր,

Հաւատամքին մէջ կը գտնեմ այն հաստատումը թէ ''Յիսուս երկինք ելաւ ու նստաւ Հօր աջ կողմը''։ Յիսուսի երկրային կեանքը վերջ կը գտնէ ''Համբարձումով''։ Անոր մուտքը Հօր փառքին մէջ կ՛անցնի խաչի ճանապարհէն ու Յիսուսի Աստուծոյ մարդկութեան հանդէպ ունեցած սիրոյ ծրագիրին հնազանդութենէն ։
Մեր քրիստոնէական կեանքին մէջ պէտք է իմանանք որ Աստուծոյ փառքին մէջ մեր մուտքը կը պահանջէ առօրեայի մէջ հաւատարմութիւն Անոր կամքին, ու շատ անգամ ի գին զոհողութիւններու ու մեր ծրագիրներու փոփոխութեան։
Իր համբարձումով Յիսուս կ՛ամբողջացնէ քահանայութեան օրհնութեան նշանը։ Այս կը նշանակէ թէ Յիսուս միակ ու յաւիտենական քահանան է որ մեզի համար կը բարեխօսէ ընդմիշտ։ Անոր մէջ ու իրեն միջոցաւ, իսկական Աստուած եւ իսկական մարդ, մեր մարդկութիւնը հասաւ Աստուծոյ մօտ։
Ականատես ըլլալով Յիսուսի ''համբարձումին'' առաքեալները վերադարձան Երուսաղէմ ուրախութեամբ լեցուն։ Հակասական մէկ երեւոյթ. Որով երբ վերջնականպէս կը բաժնուինք մեր ընտանիքներու անդամներէն, մեր բարեկամներէն, տխրութեան կը մատնուինք։ Առաքեալները սակայն ուրախոււթեամբ կը լեցուին որովհետեւ հաւատքի նայուածքով կը հասկնան թէ Յիսուս պիտի միշտ իրենց մօտ պիտի մնայ։

Սիրելի եղբայրներ ու քոյրեր,
Համբարձումը Յիսուսի երկրային կեանքը կը կապէ Եկեղեցւոյ։ Ան կը յայտնէ Քրիստոսի ներկայութիւնը նոր կերպով։ Խաչուած ու Յարուցեալ Տէրը ներկայ է ամէն տեղ ու ամէն ժամանակներուն։ Ան մօտիկ է մեզմէ ամէն մէկուն ու մենք երբեք մինակ չենք։ Ու մեր հետ կան շատ մը եղբայրնր ու ու քոյրեր որ լռութեան, դժուարութեան, ուրախութեան ու յոյսի մէջ կ՛ապրին իրենց հաւատքը, ու մեզի հետ միասին աշխարհին կը տանին Աստուծոյ սիրոյ զօրութիւնը։

Այս խօսքերու աւարտին Նորին Սրբութիւնը զանազան լեզուներով ողջունեց ներկայ գտնուող հաւատացեալները ու ապա յատուկէն ողջոյնի խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն ու նորապսակեալներուն։ Սիրելի երիտասարդներ, Յարուցեալ Տէրը իր սիրով լեցնէ ձեզմէ ամէն մէկուն սիրտը, որպէսզի պատրաստ ըլլաք անոր հետեւելու խանդավառութեամբ. ձեզի ըլլայ նեցուկ, սիրելի հիւանդներ, որպէսզի կարենաք խաղաղ օրէն ընդուիլ չարչարանքներու ծանրութիւնը, ու ձեզ սիրելի նորապսակեալներ առաջնորդէ որպէսզի ձեր ընտանիքը աճի սրբութեան մէջ` հետեւելով Սուրբ Ընտանիքի օրինակին։



Յայտնենք որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետը, չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին, Պօղոս Զ անուան սրահի քովնտի սրահներուն մէկուն մէջ ընդունեց Սաուտի Արապիոյ իտալիոյ Հանրապետութեան մօտ դեսպան` Տիար Սալհ Մոհամմատ Ալ Ղամտի որ սրբազան քահանայապետին յանձնեց Ապտուլլաահ Պին Ապտուլազիզ Ալ Սաուտի թագաւորի կողմէ պատգամ մը։








All the contents on this site are copyrighted ©.