2013-04-17 11:53:34

Պոսթընի Պայթումները Պատճառեցին Առնուազն Երեք Զոհ ու 150է Աւելի Վիրաւոր


Պոսթընի Պայթումները պատճառեցին առնուազն երեք զոհ ու 150է աւելի վիրաւոր
առնուազն երեք զոհ ու 150է աւելի վիրաւոր, որոնցմէ 17ին վիճակը ծանր կը մնայ:
Կառավարիչ Վեւալ Փաթրիք շեշտեց, թէ միայն երկու պայթուցիկ նիւթեր եղած են՝ անհիմն համարելով այն տեղեկութիւնները, թէ ոստիկանութիւնը 5 այլ պայթուցիկներ գտած է: Ոստիկանութիւնը նաեւ կոչ ըրաւ դէպքին վայրը եղողոներուն, որ իրենց տրամադրութեան տակ գտնուող նկարները կամ որեւէ տեսակի արձանագրութիւն ապահովական ուժերուն տրամադրեն, նպաստելու համար հետապնդումներուն:
Նախագահ Պարաք Օպամա Երեքշաբթի օր «ահաբեկչական արարք» որակեց պայթումները՝ խոստանալով բացայայտել ու պատժել պատասխանատուները:
Պոսթըն քաղաքի մարաթոնին ընթացքին, անոր աւարտական գիծին մօտ տեղի ունեցած երկու պայթումներէն անմիջապէս ետք, Պոսթընի ոստիկանութիւնը ձերբակալած էր վիրաւոր սէուտցի մը, որ յարձակման կասկածելիներէն մէկը նկատուած էր, սակայն աւելի ուշ ան ազատ արձակուած է:
Երեքշաբթի օր հաղորդուեցաւ նաեւ, թէ պայթումներուն համար հաւանաբար ճնշեփներ գործածուած են: Պայթումները արժանացան միջազգային դատապարտումի. Միացեալ Նահանգներու եւ աշխարհի տարածքին շարք մը քաղաքներու մէջ ապահովական միջոցառումները խստացուեցան:
Ցարդ կարելի չէ եղած յարձակումին դրդապատճառը բացայայտել, սակայն նկատի առած այն իրողութիւնը, որ Ապրիլ 15ը եկամուտի տուրքերը վճարելու պայմանաժամն է՝ կասկածներ արթնցած են, թէ անոր պատասխանատուները դաշնակցային կառավարութեան դէմ դիրքորոշուած շրջանակներ են:
Ապրիլ 15ը նաեւ նահանգային «Հայրենասէրներու օր»ն է, որ կը նշէ ամերիկեան յեղափոխութեան առաջին ճակատամարտերը, որոնք տեղի ունեցած էին Ապրիլ 19ին: Նահանգային տօնը կը նշուի Ապրիլ ամսուան երրորդ Երկուշաբթի օրը: Յատկանշական է, որ 1995ին, Օքլահոմայի դաշնակցային շէնքի պայթումը եւս Ապրիլ 19ին տեղի ունեցած էր:








All the contents on this site are copyrighted ©.