2013-04-17 11:53:43

Իրանի Մէջ Տեղի ունեցած Երկրաշարժը Զգալի Դարձաւ Փաքիստանի, Հնդկաստանի եւ Միջին Արեւելքի մէջ


Ուժգին երկրաշարժ մը հարուածեց հարաւարեւելեան Իրանը եւ զգալի դարձաւ Փաքիստանի, Հնդկաստանի եւ Միջին Արեւելքի մէջ: 7.8 աստիճան ուժգնութեամբ երկրաշարժին կեդրոնը կը գտնուէր Փաքիստանի հետ սահմանին մօտ գտնուող Խաշ քաղաքին մօտ:
Զոհերու մասին հակասական տեղեկութիւններ հաղորդուեցան: Իրանեան պետական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ հինգ զոհ արձանագրուած է, եւ հերքեց իրանեան «Ֆարս» լրատու գործակալութեան այն լուրը, թէ 40 զոհ եւ 8650 վիրաւոր արձանագրուած է:
Մէկ բան յստակ է, որ Իրանը հարուածած երկրաշարժը 40 տարուան ընթացքին իր տեսակին մէջ ամէնէն հզօրն էր: Իրանեան անանուն կառավարական աղբիւր մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ «հարիւրաւոր զոհեր կը սպասենք»: Փաքիստանի մէջ Իրանի հետ սահմանին մօտ առնուազն հինգ զոհ արձանագրուեցաւ:
Երկրաշարժը հարուածեց Սիսթան Պալուչիստան նահանգը` շուրջ 180 հազար բնակչութիւն ունեցող Խաշ քաղաքին եւ 250 հազար բնակչութիւն ունեցող Սարաւան շրջանին մօտ: Վերջինս կը բաղկանայ 1700 գիւղերէ, որոնց մէջ շէնքերը ցեխէ կառուցուած են: Մօտակայ գիւղերու ժողովուրդը կը բնակի վրաններու մէջ, ինչ որ այն յոյսը կը յառաջացնէ, որ զոհերուն թիւը փոքր ըլլայ:
10 ապրիլին 6.3 ռիխթըր աստիճանի երկրաշարժ մը տեղի ունեցաւ հարաւարեւմտեան Իրանի մէջ, Պուշեհր հիւլէական կայանին մօտ` պատճառելով 37 զոհ եւ 850 վիրաւոր:
Պուշեհրի կայանը օրին չէր վնասուած, իսկ կայանը կառուցած ռուսական ընկերութենէն պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ»-ին յայտնեց, որ կայանը այս անգամ եւս անվնաս մնացած է:








All the contents on this site are copyrighted ©.