Վատիկանի մշակոյթի քահանայապետական խորհուրդի ''Ոչ հաւատացեալներու գաւիթը'' որ սկիզբ
առաւ 2011-ին, յառաջիկայ մայսին, առաջին անգամուան համար Եւրոպայի ցամաքամասէն դուրս
կ'ելլէ կայան հաստատելու Մեքսիքոյի մէջ, ունենալով որպէս կէտնպատակ երկխօսութիւն հաստատել
հաւատացեալի եւ ոչ-հաւատացեալի միջեւ։ Կարտինալ Ռավազի` նախագահը Վատիկանի մշակոյթի քահանայապետական
խորհուրդի կը մասնակցի նախատեսուած երկու կլոր սեղաններու։ Առաջինը ունի որպէս բանակցութեան
նիւթ ''աշխարհականութիւնը եւ վերանցականութիւնը'' իսկ եկրորդը հանդիպում մտաւորականներու
հետ, Մեքսիքոյի ազգային ինքավար համալսարանի մէջ` մեծագոյնը ամերիկեան ցամաքամասի։ ''Ոչ
հաւատացեալներու գաւիթը'' Մեքսիքոյի զանազան քաղաքներուն մէջ կ'առաջարկէ զանազան հանդիպումներ
հայող ''մշակոյթի հովուութեան'' ու ''դաստիարակութեան կարեւորութեան'', ընկերութեան մը
մէջ որ յատկանշուած է ընկերային հարցերով սկսեալ թմրեցուցիչի հարցէն։