2013-04-16 15:11:23

Սուրիական Ուժերը Կը Ճեղքեն Հիւսիսային Սուրիոյ Պաշարումը


ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ».- Սուրիական պետական եւ ընդդիմութեան աղբիւրները Երկուշաբթի, Ապրիլ 15ին հաստատեցին, թէ մէկ օր առաջ, սուրիական բանակը կրցած է ճեղքել վերջին վեց ամիսներուն, ընդդիմութեան զինեալներուն կողմէ հիւսիսային Իտլիպ նահանգը հաստատուած պաշարման պատը՝ ուղղակի կապ մը հաստատելով Հալէպի օդակայանին ու Իտլիպ գտնուող քանի մը զինուորական խարիսխներուն միջեւ, կարենալով օժանդակութիւն հասցնել անոնց:
Միւս կողմէ, Յորդանանի վարչապետ Ապտալլա Նսուր յայտնեց, որ սուրիական տագնապը սկսած է վտանգելու Յորդանանի ազգային ապահովութիւնը՝ հերքելով այն լուրերը, թէ Յորդանանի մէջ սուրիացիներու կամ օտար բանակներու մարզումի կեդրոններ գոյութիւն ունին: Ան աւելցուց, թէ որոշած է ՄԱԿին դիմել՝ իր հողերուն վրայ գտնուող սուրիացի գաղթականներուն հարցը քննելու համար:
Բրիտանական «Սանտէյ Թայմզ» թերթը հաղորդեց, որ սուրիական ընդդիմութեան միացած են 2000էն 5500 օտար զինեալներ, որոնց 7 կամ 11 առ հարիւրը՝ Եւրոպայէն եկած:








All the contents on this site are copyrighted ©.