2013-04-16 13:24:34

Պենետիկտոս ԺԶ Վաստակաւոր Սրբազան Հօր 86րդ Տարեդարձը։
Ֆրանչիսկոս Պապի Պատարագը Պենետիկտոս ԺԶ-ի Դիտաւորութեան։


Այսօր 16 ապրիլին կը նշուի Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Սրբազան Քահանայապետի 86րդ տարեդարձը։

Առաւօտեան մատուցած իր առօրեայ սուրբ պատարագի ընթացքին, ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը սուրբ զոհը մատոյց Պենետիկտոս վաստակաւոր Քահանայապետի դիտաւորութեան ''որպէսզի Տէրը - ըսաւ Ան - անոր հետ ըլլայ ու զայն խրախուսէ ու մխիթարութիւն պարգեւէ անոր։''

Պենետիկտոս ԺԶ-ը հանդիսացած է Տիեզերական Եկեղեցոյ 265րդ Քահանայպետ։Ան ընտրուած էր 2005-ի 19 Ապրիլին կարտինալական դասի երկու օր տեւող ընտրական ժողովէն ետք։Անոր գահակալութիւնը տեղի ունեցաւ 24 Ապրիլ 2005-ին։
2013-ի 11 փետրուարին Պենետիկտոս ԺԶ նախագահելով Վատիկանի մէջ գումարուած կարտինալական դասի ընդհանուր ժողովին, ներկաներուն բացայայտեց իր որոշումը հրաժարելու ''Պետրոսեան'' պաշտօնէն։ Այս որոշումը ի զօրու դարձաւ 28 Փետրուար 2013-ի ժամը 20-ին։ Այդ առթիւ արտասանած իր խօսքին մէջ Պենետիկտոս ԺԶ ըսած էր. ''Սիրելի եղբայրներ սրտանց շնորհակալութիւն կը յայտնեմ բոլոր այդ սիրոյն համար եւ այդ աշխատանքին համար, իմ հետս շալկելով պաշտօնիս բեռը, եւ ներողութիւն կը խնդրեմ իմ բոլոր պակասութիւններուս համար: Այժմ սուրբ Եկեղեցին յանձնենք Գլխաւոր Հովիւին մեր Տիրոջ Յիսուսի Քրիստոսի խնամքին .... այն ինչ որ կը հայի ինծի, ապագային կը փափաքիմ ծառայել ամբողջ սրտով Աստուծոյ սուրբ Եկեղեցիին՝ աղօթքի նուիրուած կեանքով մը»:

Որպէս Տիեզերական եկեղեցւոյ պետ, Պենետիկտոս ԺԶ.ի առաքելութիւնը տեւեց 7 տարի, 10 ամիս եւ 9 օր, որուն ընթացքին ան 24 առաքելական ճամբորդութիւններ կատարեց, երեք շրջաբերական թուղթեր հրատարակեց, 84 կարտինալներ նշանակեց եւ երանելի հռչակեց իր նախորդը՝ ՅՊԲ.ը։ Ան նաեւ դիմագրաւեց բազմաթիւ տագնապներ, սկսելով Ռաթիզպոնի մէջ արտասանած ճառին հետեւանքով թիւրիմացութենէն մինչեւ իր անմիջական ամենամօտիկ սպասաւորին դաւաճանութիւնը։ Նաեւ դիմագրաւեց այլ հարցեր. ինչպէս կարգ մը կղերականներու կողմէ կատարուած մանկամոլութեան հարցը։ Ջանաց ՜՜երկխօսութիւն՝՝ հաստատել lefebvristes-ներու ու նաեւ շեշտակի կերպով հրեաներու հետ։ Ընդլայնեց Վատիկանի դիւանագիտական յարաբերութիւնները Արեւելեան երկիրներու հետ։

Իր Քահանայապետութեան ընթացքին Պենետիկտոս ԺԶ. ամրապնդեց համամիութենական կապերը ուղղափառ, անկլիգան եւ այլ Եկեղեցիներու հետ։ Գործակցութեան կապերը զարգացուց արեւելեան Եկեղեցիներու հետ։ Միջազգային մակարդակի վրայ նաեւ Պենետիկտոս ԺԶ. իր բոլոր նստաշրջանին ընթացքին կոչեր ուղղեց համամարդկային համերաշխութեան եւ խաղաղութեան հաստատման համար, խաղաղ եւ արդար լուծումներ յառաջացնելով աշխարհի ընդհանուր քաղաքական, ընկերային, տնտեսական եւ կենսոլորտային խնդիրներուն։


Յայտնենք որ ֆրանչիսկոս Սրբազան Հայրը հեռաձայնային կապով շնորհաւորած է Պենետիկտոս ԺԶ-ը ու ողջոյն ուղղած քահանայապետի աւագ եղբօր Կէորկ Րացինկերի որ Գասթել Կանտոլֆոյ ժամանած է իր եղբօր հետ նշելու անոր տարեդարձը։







All the contents on this site are copyrighted ©.