2013-04-16 15:10:32

Յիսուսեան Միաբանութիւնը Համերգ մը կը Կազմակերպէ ֆրանչիսկոս Քահանայապետին ի Պատիւ։


Յառաջիկայ 18 ապրիլին Հռոմի յիսուսեան միաբանութիւնը համերգ մը կը նուիրէ ֆրանչիսկոս Քահանայաոպետին Ս. Ինքնատիոսի եկեղեցւոյ մէջ։ Այս նախաձեռնութեամբ յիսուսեան միաբանութիւնը կ'ուզէ յայտնել իր զօրակցութիւնը ու մօտիկութիւնը նոր Քահանայապետին որ Յիսուսեան է։
Համերգին յայտագիրը կը նախատեսէ կտորներ յօրինուած յիսուսեան Տոմենիքօ Ծիբոլիի (1688-1726) որ եղած է առաքեալը Լատին Ամերիկայի մէջ։ Ան մասնաւորապէս Յիսուսի Աւետարանը քարոզած է Բարակուէյի մէջ։ Ան աշխատած է պատշաճեցնել եւրոպական բարոք ոճը Կուարանի բնիկներու երաժշտական ճաշակին։ Նոյնպէս` երաժշտական երեկոյին իր մասնակցութիւնը կը բերէ ‘Vera luz y Norte musical’ խումբը, որ մաս կը կազմէ Ասդալի կեդրոն` կոչուած յիսուսեան կառոյցին որ օգնութեան կը հասնի Հռոմի գաղթականներուն ու փախստականներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.